image

Փութին- Փաշինեան հեռախօսազրոյց

Փութին- Փաշինեան հեռախօսազրոյց

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ 19 մայիսին, տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց:

Այս մասին կը հաղորդէ վարչապետի լրատուական ծառայութիւնը, նշելով, որ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է ՀՀ եւ ԱՀ սահմանին տիրող ներկայիս իրավիճակը՝ ընդգծելով, որ ատրպէյճանական ուժերը, հակառակ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշերուն, խախտած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը շնորհակալութիւն յայտնած է այս օրերուն ՌԴ կողմէ ներդրուող ջանքերուն համար, որոնք ուղղուած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Զրուցակիցները միակարծիք եղած են իրավիճակի հանգուցալուծման ճանապարհների եւ անոր մեթոտաբանութեան շուրջ: