Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ։ Այս մասին յայտնած են Քրեմլէն։
Զրոյցի ընթացքին Փութին անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնած է Ալի Խամենէիի, անոր ընտանիքի անդամներու եւ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու սպանութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան շրջանին զոհերու կապակցութեամբ: Ռուսիոյ նախագահը վերահաստատած է Ռուսիոյ սկզբունքային դիրքորոշումը ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադարեցման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։
Փութին յայտնած է, որ մշտական կապի մէջ է Պարսից ծոցի երկիրներու ղեկավարներու հետ։
Ան աւելցուցած է, որ պիտի շարունակուին իրանական կողմի հետ շփումները տարբեր խողովակներով։
Մասուտ Փեզեշքիանը երախտագիտութիւն յայտնած է Իրանի ժողովուրդի հետ Ռուսիոյ համերաշխութեան համար եւ տեղեկացուցած Իրանի մէջ իրավիճակի զարգացման մասին: