Ինչ ալ ըլլայ, ինչ ալ պատահի պէտք է յստակօրէն ընդգծել, որ Լիբանանի փրկութեան մէկ եւ միակ ճանապարհը անոր ուժեղ եւ կեդրոնացեալ պետութիւն մը, հզօր բանակ մը եւ ժողովրդավար համակարգ մը ունենալու մէջ է։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին առընթեր շատ կարեւոր էր լսել Հայաստանի Դիւանագիտութեան պետին խօսքը։
Պարոն Միրզոյեանն առանց բառերու ետին պահուըտելու Հայաստանի, ու նաեւ հայ ժողովուրդի անմնացորդ նեցուկը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց ի մասնաւորի Լիբանանի գերիշախանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։
Բան մը, որ անչափ կարեւոր է մեր այս օրերուն, կարեւոր է բազում առումներով, մանաւանդ, որ Լիբանանը ամէնէն աւելի կարիքն ունի նման անկեղծ եւ իրաւ կեցուածքի։
Յաճախ կեցուածքները լոյս կը սփռեն իրականութեան ճանապարհին, ու լիբանանցիներէն շատ-շատերը կուզէին անգամ մը եւս յստակօրէն եւ ընդգծուած կերպով լսել նման զօրակցական խօսք մը։
Ինչ ալ ըլլայ, ինչ ալ պատահի պէտք է յստակօրէն ընդգծել, որ Լիբանանի փրկութեան մէկ եւ միակ ճանապարհը անոր ուժեղ եւ կեդրոնացեալ պետութիւն մը, հզօր բանակ մը եւ ժողովրդավար համակարգ մը ունենալու մէջ է։
Ահա լուրը՝
ՀՀ ԱԳ Նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Լիբանանի ԱԳ նախարար Եուսէֆ Ռաժժին հեռախօսազրոյցով մը քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը։
Միրզոյան վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը Լիբանանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։