image

ԱՄՆ յայտարարած է իրանական նաւահանգիստներու լիակատար շրջափակման մասին

ԱՄՆ յայտարարած է իրանական նաւահանգիստներու լիակատար շրջափակման մասին

 

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան (CENTCOM) ղեկավար, ծովակալ Պրետ Քուփըր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը ամբողջութեամբ շրջափակած են իրանական նաւահանգիստները։ Այս յայտարարութիւնը հրապարակուած է X-ի մէջ՝ հրամանատարութեան էջին վրայ։

«Իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը լիովին կ՚իրագործուի, քանի որ ամերիկեան ուժերը կը պահպանեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծովային գերազանցութիւնը։ Ըստ գնահատումներու՝ Իրանի տնտեսութեան 90%-ը կը սնուցուի ծովով իրականացուող միջազգային առեւտուրի միջոցով»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

CENTCOM-ի հրամանատարին համաձայն՝ շրջափակման ուժի մէջ մտնելէն ետք գրեթէ 36 ժամուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու ուժերը «ամբողջութեամբ կասեցուցած են» ծովով Իրան մտնող եւ այնտեղէն դուրս եկող առեւտրական հոսքերը։

Այլ հաղորդագրութեան մէջ Կեդրոնական հրամանատարութիւնը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու կառավարուող հրթիռային ականակիրները այն միջոցներուն շարքին են, որոնք կը մասնակցին Իրանի նաւահանգիստներու շրջափակման։

«Շրջափակումը անկողմնակալ կերպով կը կիրառուի բոլոր երկիրներու նաւերուն նկատմամբ, որոնք կը մտնեն կամ դուրս կու գան Իրանի ափամերձ տարածքներէն կամ նաւահանգիստներէն։ Սովորական ականակիրը ունի աւելի քան 300 նաւաստիներէ բաղկացած անձնակազմ, որոնք բարձր որակաւորում ունին յարձակողական եւ պաշտպանական ծովային գործողութիւններ իրականացնելու մէջ»,– յայտնած է CENTCOM-ը։

Աւելի վաղ հրամանատարութիւնը յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը աւելի քան 10,000 զինծառայող, աւելի քան 10 նաւ եւ տասնեակ օդանաւ տեղակայած են՝ Իրանի նաւահանգիստներու շրջափակումը իրականացնելու համար։ Ըստ հաղորդագրութեան՝ շրջափակման յայտարարումէն ետք առաջին 24 ժամուան ընթացքին ոչ մէկ նաւ կրցած է ճեղքել շրջափակումը, իսկ վեց առեւտրական նաւ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու հրահանգով փոխած են իրենց ուղղութիւնը եւ վերադարձած են Օմանի ծոցի իրանական նաւահանգիստներ։