ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ներկայ գտնուած է ՌԴ ԱԻ զոհուած նախարար Եւկէնի Զինիչեւի հրաժեշտի արարողութեան, որ կայացած է Մոսկուայի մէջ՝ գերատեսչութեան Ճգնաժամային իրավիճակներու վարչութեան ազգային կեդրոնին մէջ: Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
ՌԴ ղեկավարը ծաղկեփունջ դրած է պատուանդանին, որուն մէջ ցուցադրուած եղած են նախարարի պետական պարգեւները: Այնուհետեւ մօտեցած է դագաղին, խաչակնքուած, ապա խոնարհած է նախարարհի մարմնի առաջ: Փութինը մօտեցած է նախարարի հարազատներուն եւ քանի մը վայրկեան նստած է անոնց կողքին: Այնուհետեւ սեղմելով նախարարի որդիին ձեռքն ու քանի մը խօսք փոխանակելով այրիի հետ՝ նորէն մօտեցած է դագաղին, կրկին խոնարհած է եւ հեռացած է սգոյ սրահէն:
Զինիչեւին յուղարկաւորած են երէկ Սանկտ Փեթերզպուրկի մէջ: ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովի խօսքով՝ Փութինը ներկայ չէ գտնուած յուղարկաւորութեան արարողութեան:
Յիշեցնենք, որ նախարարը մահացած է 8 Սեպտեմբերին Նորիլսքի մէջ կայացող ուսումնական թռիչքի ժամանակ: Վերջինս ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ փորձած է փրկել շարժանկարի բեմադրիչ Ալեքսանտր Մելքինի կեանքը:
Փութինը աւելի վաղ յետմահու Ռուսաստանի հերոսի կոչում շնորհած է նախարարին: