Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի բանագնացն ու փեսան՝ Ճարետ Քուշները, Օգոստոս 17-ին ժամանած է Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցած է վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։
Հանդիպման նպատակը եղած է նպաստել Միացեալ Նահանգներու կողմէ հովանաւորուող Կազայի խաղաղութեան ծրագիրի իրագործման։
Ըստ տեղեկութիւններու՝ աւելի վաղ Քուշներ Գահիրէի մէջ հանդիպած է «Համաս»-ի պաշտօնեաներուն հետ։
Դիւանագիտական աղբիւրը յայտնած է, որ «Համաս»-ի առաջնորդ Խալիլ ալ-Հայեան ներկայ գտնուած է Գահիրէի մէջ Քուշների եւ Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Նիքոլայ Մլատենովի հետ միջնորդներու կազմակերպած կարգ մը հանդիպումներուն։
BBC-ի հաղորդմամբ՝ հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլէյրը, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները։
Եգիպտոսի մէջ գտնուած ժամանակ Քուշներ հանդիպած է նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն համաձայն՝ Մլատենովն ու Պլէյրն ալ Օգոստոս 17-ին պիտի հանդիպին Նաթանիահուի հետ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը առաջ մղելու նպատակով։
Քուշներ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ նախապէս «Համաս»-ի պաշտօնեաներուն հետ հանդիպած էին 2025 թուականի Հոկտեմբերին՝ նպաստելով համաձայնագիրի կնքման։
Յուլիսի վերջը Թրամփ յայտարարած էր, որ համաձայնութեան եկած է Կազայի մէջ «Համաս»-ի եւ այլ զինեալ խմբաւորումներու ամբողջական զինաթափման շուրջ։ Սակայն Նաթանիահու հրապարակաւ մերժած է Թրամփի ծրագիրը՝ պնդելով, որ որեւէ կարգաւորում պէտք է ապահովէ խմբաւորման ամբողջական զինաթափումը։