image

Փութին «Հաճելի անակնկալներ» պիտի ստանայ պատերազմի դաշտին մէջ. Նուլանտ

Փութին «Հաճելի անակնկալներ» պիտի ստանայ պատերազմի դաշտին մէջ. Նուլանտ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտը վստահ է, որ 2024 թուականը կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունի Ուքրանիոյ համար եւ որոշակի «վստահ յաջողութիւններ» պիտի բերէ անոր մարտի դաշտին մէջ:

Այս մասին, ինչպէս հաղորդած է «Եւրոպական իրականութիւն» թերթի թղթակիցը, ան ըսած է Քիեւի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ։

2024 թուականի ռազմավարութեան շուրջ ուքրանացի պաշտօնեաներու հետ բանավէճի մասին հարցին Նուլանտը յայտարարած է, որ կը հեռանայ Քիեւէն «2024 թուականին միասնութեան, վճռականութեան եւ Ուքրանիոյ համար ատոր բացարձակ ռազմավարական կարեւորութեան վերաբերեալ մեծ լաւատեսութեամբ»․

«Նաեւ կը հեռանամ աւելի մեծ վստահութեամբ, որ Ուքրանիան պիտի ամրապնդէ իր պաշտպանութիւնը. պարոն Փութինը հաճելի անակնկալներ պիտի ստանայ մարտի դաշտին մէջ, իսկ Ուքրանիան այս տարի վստահ յաջողութիւններ պիտի ունենայ»,- աւելցուցած է ան: