Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինըեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Ապրիլ 26-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են: Նախագահները քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:
«Ես իսկապէս կրնամ հաստատել, որ իսկապէս քննարկուած է Ուքրանիան, մենք աւելի մանրամասն հաղորդագրութիւն կը տարածենք», ըսած է Փեսքով` հաստատելով նախագահներու զրոյցին վերաբերեալ թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները:
Թուրքիոյ նախագահականին փոխանցմամբ` Էրտողանը Փութինի հետ զրոյցին ըսած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան նկատմամբ դրական վերաբերմունքի պահպանումը, որ ի յայտ եկած է Սթամպուլի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին, կը բխի բոլոր կողմերու շահերէն:
Թուրքիոյ ղեկավարը ընդգծած է հրադադարի, մարդասիրական միջանցքներու արդիւնաւէտութեան եւ պատերազմական գօտիներէն անվտանգ տարհանման կարեւորութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահը հաւաստիացուցած է Անգարայի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ներդրումը Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ:
Միաժամանակ Էրտողան կրկին հնչեցուցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ նախագահներու հանդիպման կայացման գաղափարը` որպէս Սթամպուլի բանակցային գործընթացի կարեւոր փուլ: