Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ հանդիպում կայացուցած է եւ զեկուցած իր ամերիկացի գործընկեր Տանըլտ Թրամփի հետ Ալասքայի մէջ կայացած բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին:
Հիմնական յայտարարութիւնները ներկայացուցած է ՌԻԱ Նովոսթին.-
Ալասքա այցը ժամանակին էր եւ շատ օգտակար, Թրամփի հետ զրոյցը անկեղծ եւ բովանդակալից էր:
Առաջնորդները քննարկած են ուքրանական ճգնաժամի արդարացի լուծումը:
Ալասքայի մէջ հնարաւորութիւն տրուած է հանգիստ եւ մանրամասնօրէն ուրուագծելու Ռուսիոյ դիրքորոշումը:
Մոսկուան, ինչպէս Ուաշինկթըն, պիտի ցանկար տեսնել Ուքրանիոյ ռազմական գործողութիւններու հնարաւորինս շուտ դադրեցում:
Ռուսիա պիտի ցանկար անցնիլ բոլոր հարցերը խաղաղ ճանապարհով լուծելու:
Ուքրանիոյ ճգնաժամի արմատական պատճառներու վերացումը պէտք է ըլլայ կարգաւորման հիմքը:
Ալասքայի մէջ բանակցութիւնները կը մօտեցնեն մեզի անհրաժեշտ լուծումներու:
Ռուսիա կը յարգէ Թրամփի վարչակազմի դիրքորոշումը Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու արագ դադրեցման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:
Բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը քննարկած են փոխգործակցութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները: