Այսօր՝ յուլիս 3-ին, մահացած է «Լիվըրփուլ»ի եւ Փորթուկալիոյ հաւաքականին ֆութպոլիստ Տիոկօ Ժոթան։
28-ամեայ յարձակողը զոհուած է Սպանիոյ Զամորա նահանգին մէջ տեղի ունեցած ճանապարհային արկածի հետեւանքով, ուր ինքնաշարժը դուրս եկած է ճանապարհէն։
Յայտնի դարձած է, որ զոհերու մարմինները անմիջապէս կարելի չէ եղած ճանչնալ։ Նոյնականացումը կատարուած է միայն մեքենայի թիւի ստուգումէն ետք։
Նշուած է, որ «Լիվըրփուլ»ի ֆութպոլիստին Lamborghini մեքենային անիւը պայթած է, մեքենան դուրս եկած է ճամբայէն եւ բռնկած։
Համացանցի մէջ տարածուած է այրած մեքենայի տեսանիւթ մը, ուր եղած են «Լիվըրփուլ»ի յարձակողն ու անոր եղբայրը։