Փետրուար 5-6-ը ԱԻՆ ՓԾ ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն 17 ահազանգ ստացուած է հանրապետութեան տարբեր տարածքներու մէջ արգելափակուած ինքնաշարժներու վերաբերեալ:
Մասնաւորապէս` Երեւանի, Գեղարքունիքի մարզի Սեւան, Գաւառ, Մարտունի, Արագածոտնի մարզի Ապարան, Կոտայքի մարզի Հրազդան, Աբովեան, Սիւնիքի մարզի Տաթեւ եւ Կապան, Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկ, Վայք քաղաքներուն մէջ, Սարաւան-Գնդեվազ, Մայաքովսքի-Ձորաղբիւր եւ Երեւան-Սեւան ճանապարհներուն:
Դէպքի վայր ժամանած փրկարարները արգելափակումէ դուրս բերած են 18 ինքնաշարժ եւ 13 քաղաքացիի ցուցաբերած են համապատասխան օգնութիւն: