Յուլիս 30-ին, Երուսաղէմի մօտակայքը գտնուող Կիւաթ Ասաֆ ապօրինի իսրայէլեան բնակավայրի տարածքին մէջ, Ռուսիոյ Դաշնութեան դիւանագիտական համարանիշներով ծառայողական մեքենան, որ կը պատկանէր Պաղեստինի Ազգային Ինքնավարութեան մէջ գործող ռուսական առաքելութեան, ենթարկուած է յարձակման՝ իսրայէլցի վերաբնակիչներու կողմէ։ Մեքենային մէջ գտնուած են ռուս դիւանագէտներ, որոնք հաւատարմագրուած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։
Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, նշելով, որ Թել Աւիւի մէջ գտնուող Ռուսիոյ դեսպանատունը արդէն համապատասխան դիմում ներկայացուցած է Իսրայէլի իշխանութիւններուն՝ ակնկալելով, որ իսրայէլեան կողմը պատշաճ եզրակացութիւններ կը կատարէ։
«Մեքենային պատճառուած է մեխանիկական վնաս։ Յարձակուման ուղեկցած են բանաւոր սպառնալիքներ՝ ուղղուած Ռուսիոյ դիւանագէտներուն։ Մանաւանդ մտահոգիչ եւ անընդունելի է այն փաստը, որ միջադէպը տեղի ունեցած է իսրայէլցի զինուորականներու ներկայութեամբ, որոնք գտնուելով դէպքի վայրին մէջ՝ ոչ մէկ քայլ առած են կանխելու համար յարձակումը։
Մենք այս դէպքը կը դիտարկենք որպէս 1961 թուականի Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագրի կոպիտ խախտում։ Համաձայնագրով, ի մէջ այլոց, կը սահմանուի հիւրընկալ պետութեան պարտաւորութիւնը՝ ապահովելու օտար երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու գոյքի անձեռնմխելիութիւնը, ինչպէս նաեւ պատշաճ յարգանք դրսեւորելու այնտեղ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու նկատմամբ։ Պետութիւնը պարտաւոր է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու անոնց անձին, ազատութեան ու արժանապատւութեան դէմ որեւէ ոտնձգութիւն։
Թել Աւիւի մէջ գտնուող Ռուսիոյ դեսպանատունը արդէն ներկայացուցած է համապատասխան դիմում Իսրայէլի իշխանութիւններուն։ Մենք կը յուսանք, որ իսրայէլեան կողմը անհրաժեշտ եզրակացութիւններ պիտի կատարէ»,-նշուած է Զախարովայի յայտարարութեան մէջ։