Մոսկուան Երեւանը կը համարէ դաշնակից եւ կը ծրագրէ բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացնել անոր հետ, լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։
Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:
Հայաստանի եւ Մեծ Բրիտանիոյ 2023-2024 թուականներու պաշտպանական համագործակցութեան ծրագիր ստորագրելը Փեսքով մեկնաբանած է այսպէս.
«Հայաստանը ինքնիշխան երկիր է, որ երկկողմ յարաբերութիւններ կը զարգացնէ այն պետութիւններու հետ, որոնց հետ նպատակայարմար կը գտնէ, մենք մեր յարաբերութիւններն ունինք Հայաստանի հետ, եւ, ի հարկէ, Հայաստանը բարեկամ երկիր է, մեր դաշնակիցն է, մենք պիտի շարունակենք զարգացնել մեր դաշնակցային յարաբերութիւնները»,- նշած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։