image

Խաժակ Ս․ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան կը մասնակցի Վատիկանի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի, այցելութեան ընթացքին կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներու

Խաժակ Ս․ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան կը մասնակցի Վատիկանի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի, այցելութեան ընթացքին կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներու

Խաժակ Ս․ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան կը մասնակցի Վատիկանի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի, այցելութեան ընթացքին կազմակերպուած շարք մը ձեռնարկներու։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Կիրակի առաւօտ, Մայիս 17-ին, հասաւ Հռոմ հանդիպում ունենալու Նորին Սրբութիւն Լեւոն XIV քահանայապետի հետ:

Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորելու ներկայ էին Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը Վատիկանի մօտ, Վատիկանի պաշտօնատարներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան անդամներու ընկերակցութեամբ։ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի ներկայութիւնը օդակայանին մէջ կ՛արտացոլացնէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միասնականութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան ոգին։

Մայիսի 18-ի երեկոյեան, Քրիստոնէական միասնութեան խթանման բաժինի ղեկավար Նորին Վսեմութիւն կարդինալ Կուրտ Կոխի հրաւէրով, Խաժակ Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ Նորին Սրբութեան Արամ Ա․-ի պատիւին կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին։ Հանդիպումը ընդգծած է Սուրբ Աթոռի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ առկայ ջերմ յարաբերութիւնները ու էքումենիկ երկխօսութեան շարունակական զարգացումը։

Մայիս 19-ին, Քահանայապետական Արեւելեան Հիմնարկին մէջ, որ կը գործէ Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանի հովանիին տակ, Արամ Վեհափառը հանդէս եկաւ հրապարակային դասախօսութեամբ՝ նուիրուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Համալսարանի տեսուչի հրաւէրով դասախօսութեանը եւ ապա ճաշին մասնակցեցաւ նաեւ Խաժակ Արքեպիսկոպոսը։

Խաժակ Արքեպիսկոպոս մասնակցեցաւ նաեւ Տոմուս Սանտա Մարտայի մէջ Նորին Սրբութիւն Արամ Ա․-ի կողմէ կազմակերպուած ընթրիքին, որ եւս առիթ դարձաւ եղբայրական շփումներու եւ միտքերու փոխանակման համար։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի Հռոմ այցելութիւնը կարեւոր արտայայտութիւն անկիւնադարձ մըն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ խոր պատմական կապերուն։ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի մասնակցութիւնը այցելութեան կարգ մը միջոցառումներուն աւելի եւս ընդգծեց Սուրբ Աթոռի մօտ հայկական եկեղեցական ներկայացուցչութեան կարեւորութիւնը եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան, բարեկամութեան ու գործակցութեան նկատմամբ տեւական յանձնառութիւնը։