Մայիս 4-5-ը Երեւանի մէջ կայանալիք ԵՄ-Հայաստան առաջին գագաթնաժողովին ընդառաջ՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը հրապարակում կատարած է՝ նշելով, որ գագաթնաժողովը կարեւոր քայլ է ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ։
Եւրոպական Յանձնաժողովի կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ սա նշանակալի յառաջընթաց է Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններուն մէջ՝ վերահաստատելով Եւրոպական Միութեան ամուր յանձնառութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, դիմադրողականությեան եւ բարեփոխումներու օրակարգին։
Գագաթաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆօն տեր Լայենը եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Անտոնիօ Քոշթան։ Գագաթաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ ԵՄ դիվանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալասը։
Գագաթաժողովի ծիրին մէջ առաջնորդները պիտի քննարկեն երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին արձանագրուած յառաջընթացը եւ պիտի ամրապնդեն համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս՝ տնտեսութեան, կապակցուածութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ Անոնք նաեւ պիտի քննարկեն Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած համատեղ ջանքերը։ Օրակարգին վրայ պիտի ըլլան նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումները, այդ շարքին՝ Ուքրանիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Գագաթաժողովի արդիւնքներով պիտի տրուի ԵՄ-ՀՀ գործընկերութեան մեկնարկը կապակցուածութեան ոլորտին մէջ, որ պիտի ներառէ փոխադրութեան, ուժանիւթի, թուային, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ շփումներու ուղղութիւններով համագործակցութիւնը՝ կապակցուածութեան եւ փոխադրութեան վերաբերեալ բարձր մակարդակի երկխօսութիւններով։ Կը նշուի, որ ատիկա պիտի լրացուի Հայաստանի մէջ ԵՄ մասնաւոր ներդրումները զզօրաշարժի ենթարկելու նախաձեռնութիւններով։
«Երկու կողմերն ալ յստակ քայլեր պիտի ձեռնարկեն անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու համար, այդ շարքին՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ նոր գործընկերային առաքելութեան ստեղծման միջոցով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Գագաթաժողովին արդիւնքներով Հայաստանի Ներքին գործերու նախարարութեան եւ Եւրոպական սահմանային եւ առափնեայ պահպանութեան գործակալութեան միջեւ (FRONTEX) միջեւ աշխատանքային համաձայնագիր պիտի ստորագրուի։
«ԵՄ-Հայաստան առաջին գագաթաժողովը ի ցոյց կը դնէ ԵՄ-Հայաստան համագործակցութեան իրական օգուտները եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը խթանելու ԵՄ յանձնառութիւնը։ Գագաթաժողովէմ յետոյ կը սպասուի առաջնորդներու համատեղ մամուլի ասուլիս»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։