ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ռուսիոյ Դաշնութեան նկատմամբ ոչ բարեկամական քաղաքականութիւն կը վարէ, յայտարարած է Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտին։
«Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը Ռուսիոյ Դաշնութեան նկատմամբ ոչ բարեկամական քաղաքականութիւն կը վարէ՝ անպատկառ կերպով շահագործելով մեր երկրի առաջարկած հնարաւորութիւնները»,- ընկերային ցանցերու մէջ գրած է Վոլոտին։
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ վերաբերմունքը հայ ժողովուրդի նկատմամբ բարեկամական է։
«Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է որոշում կայացնել։ Մենք այլեւս չենք կրնար լռել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու մասին»,- նշած է Վոլոտին։