image

Գերմանիկ- Վասպուրական Մշակութային Միութեան Տիկնանց վարչութեան այցը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Գերմանիկ- Վասպուրական Մշակութային Միութեան Տիկնանց վարչութեան այցը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ (Հալէպի) Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝


Հինգշաբթի, 16 Ապրիլ 2026-ի առաւօտուն, Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան տիկնաց վարչութիւնը այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։


Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ վարչութեան տարած գործունէութիւններուն։

Վարչութեան ատենապետ տիկ. Աշխէն Շէօհմէլեան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու Հայ Ծերանոցէն ներս միութեան կողմէ կազմակերպուելիք տարեկան ճաշկերոյթին։


Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, մեծապէս գնահատեց վարչութեան անդամներուն թափած ճիգն ու ջանքը եւ յաջողութիւն ու ամենայն բարիք մաղթեց անոնց