Լիբանանի հարաւային Սուր շրջանին մէջ գտնուող բժշկական կեդրոնին Իսրայէլի օդային հարուածի հետեւանքով չորս մարդ զոհուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA)։
Օդային յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է նաեւ շտապօգնութեան երկու աշխատակից։
Բացի այդ, օդային հարուած հասցուած է Լիբանանի հարաւը գտնուող «Թեպնինէ» հիւանդանոցի շրջակայքին, որու հետեւանքով վիրաւորուած է ինը մարդ, որոնց մէջ՝ հիւանդանոցի եօթը աշխատակիցներ։ Հարուածը նաեւ նիւթական վնասներ պատճառած է հիւանդանոցի շէնքին եւ շտապօգնութեան մեքենաներուն։
Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը իր կարգին յայտարարած է, որ անօդաչու թռչող սարքերով Լիբանանի հարաւին մէջ թիրախաւորած է իսրայէլական զօրքերու հաւաքատեղիները։
Հակառակ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարին՝ Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»-ի միջեւ բախումները կը շարունակուին, գլխաւորաբար՝ Լիբանանի այն տարածքներուն մէջ, որոնք կը գտնուին իսրայէլական ուժերու վերահսկողութեան տակ։
Ըստ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան՝ մարտի 2-էն ի վեր, երբ Իսրայէլի վրայ «Հըզպալլա»-ի յարձակման պատճառով Լիբանանը ներքաշուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմի մէջ, երկրին մէջ իսրայէլական գործողութիւններու զոհերուն ընդհանուր թիւը հասած է 3089-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 9397-ի։