image

Մասիս Նահապետեան․ Յիշատակ մը, որ պիտի շարունակէ ապրիլ

Մասիս Նահապետեան․ Յիշատակ մը, որ պիտի շարունակէ ապրիլ

Հայկական  օրակարգով, Հայաստանի խնդիրներով ու նաեւ Գերմանիա հաստատուած հայութեան կարեւոր մէկ խաւին համար մեծ կորուստ մը կը համարուի Մասիս Նահապետեանի կորուստը։ 

«Արեւելք» կը ցաւակցի հանգուցեալի  հարազատներուն եւ գաղափարակիցներուն եւ ստորեւ կը ներկայացնէ  այդ  առթիւ վերջինիս ընկերներուն կողմէ պատրաստուած եւ խմբագրութեանս յղուած մահագրականը՝ 

Կան մարդիկ, որոնց բացակայութիւնը միայն ընտանիքը կամ մերձաւորները չեն զգար, այլ ամբողջ շրջապատը։ Անոնք իրենց ներկայութեամբ ջերմութիւն, վստահութիւն եւ մարդկային ազնուութիւն կը տարածեն, իսկ հեռանալէն ետք երկար ժամանակ դատարկութիւն մը կը մնայ շուրջբոլորը։ Մասիս Նահապետեան այդպիսի մարդոցմէ մէկն էր՝ նուիրեալ հայ, հաւատարիմ ընկեր եւ մարդկային բարձր արժէքներ կրող անհատ, որ իր կեանքով ու գործունէութեամբ մնայուն հետք ձգեց բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք զինք ճանչցան։

Մասիսը, դժբախտաբար, այլեւս մեզի  հետ չէ։
Երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք, 5 Մայիսին 2026-ին «խնամքի կեդրոն»-էն հասած իր մահուան  բօթը  խոր ցաւ եւ մեծ ցնցում պատճառեց մեզի բոլորիս։ Ան ոչ միայն ազնիւ, սրտակից ու միշտ օգնութեան ձեռք երկարող անձ մըն էր, այլ նաեւ ճշմարիտ հայրենասէր եւ ժողովրդավար մարդ։

Ան ծնած էր 4 Օգոստոս 1946-ին, Իրանի Իսֆահան քաղաքի հայկական Նոր Ջուղա թաղամասին մէջ, Նունեայ եւ Ջանի Նահապետեաններու ընտանիքին անդրանիկ որդին ըլլալով։

1968-ին, Իրանի հարաւային Ահվազ քաղաքին մէջ իր զինուորական ծառայութեան ընթացքին, թատրոնի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը  դարձաւ  իր կեանքի մեծագոյն երջանկութիւնը, որովհետեւ հոն հանդիպեցաւ իր կեանքի մեծ սիրոյն՝ Հիլտային։

Վերջերս անոնք նշած էին իրենց երջանիկ ամուսնութեան ոսկեայ յոբելեանը՝ 50-ամեակը։ Հիլտան միշտ Մասիսի կողքին էր եւ մինչեւ վերջին պահը անսասան ժայռի նման կանգնած մնաց անոր թիկունքին։

Կեանքի բոլոր պարագաներուն գրեթէ  «առասպել» դարձած իր դանդաղկոտութիւնը, ձայնասփիւռի ժապաւէններու եւ տեսերիզներու հաւաքածոյներու հանդէպ ունեցած մեծ սէրը, «պոնսայի» ծառատեսակներու նկատմամբ իր նուիրումը, ինչպէս նաեւ իր անկեղծութիւնն ու օգնելու մշտական պատրաստակամութիւնը զինք դարձուցած էին սիրուած ու բարձր գնահատուած մարդ եւ հաւատարիմ ընկեր։

Երկար, բայց հաստատ քայլերով, ան նաեւ հասաւ ելեկտրոնիք ճարտարագիտութեան մարզին մէջ վկայեալ ճարտագէտի աստիճանին՝ Ֆրանքֆորթի մասնագիտական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ։

Մասիսը իսկական «գիշերային բու» մըն էր եւ միշտ շատ ուշ կը քնանար։ Նոյնիսկ այն ժամանակներուն, երբ հեռատեսիլէն միայն փորձնական պատկերներ կը ցուցադրուէին, անոնք իսկ մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէին իր մօտ՝ միայն թէ չերթար քնանալու։

Քոնսթանցի կիրառական գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցին մէջ  տեղեկատւութեան դասերուն չուշանալու համար, ուսանողական հանրակացարանին մէջ իր մտերիմ ընկերներուն համար իսկական մարտահրաւէր էր զինք ամէն առաւօտ անկողինէն դուրս բերել։ Նոյնիսկ զարթուցիչը ամէն օր տարբեր տեղ պահելու կամ զինք կարճ ժամանակով արթնցնելէ ետք անկողինը թրջելու նման միջոցները հազուադէպ արդիւնք կու տային։

Մասիսի համար չափազանց կարեւոր էր հայոց լեզուին, հայկական մշակոյթին, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն պահպանումը։ Այդ նպատակով երկար տարիներ ծառայեց Հեսսենի Հայ Մշակութային Միութեան մէջ՝ որպէս վարչութեան անդամ եւ ապա վարչութեան ատենապետ։ Նոյն նուիրումով ալ տարիներ շարունակ գործունէութիւն ծաւալեց Գերմանիոյ Հայ Կեդրոնական Խորհուրդին մէջ՝ որպէս վարչութեան անդամ, աշխուժօրէն մասնակցելով տարբեր աշխատանքներու եւ քննարկումներու։

Մասիսի կեանքն ու գործունէութիւնը կերտուած էին մարդասիրական արժէքներով, մեծահոգութեամբ, իսկ ընտանիքին ու բարեկամներուն հանդէպ իր վերաբերմունքը՝ անսահման սիրով։

Մասիսը այլեւս մեզ հետ չէ, սակայն իր յիշատակը՝ որպէս ազնիւ ընկեր եւ նուիրեալ հայ, միշտ պիտի մնայ մեզի հետ։