Երեւանի մէջ կայացած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն առաջին գագաթնաժողովը նշանաւորուած է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ պատմական կարեւոր հանգրուանով՝ շարք մը ռազմավարական փաստաթուղթերու ստորագրութեամբ եւ համագործակցութեան խորացման ուղղուած նոր նախաձեռնութիւններով։
Գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս ստորագրուած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կապակցուածութեան գործընկերութեան փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ նախաստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական սահմանային եւ առափնեայ պահպանութեան գործակալութեան միջեւ սահմաններու կառավարման ոլորտին մէջ գործնական համագործակցութեան վերաբերեալ աշխատանքային պայմանաւորուածութիւնը։
Ստորագրման արարողութեան ներկայ գտնուած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթա եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը։
Հայաստանի կողմէ փաստաթուղթը ստորագրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, իսկ Եւրոպական Միութեան կողմէ՝ Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ Արեւելեան հարեւանութեան ընդհանուր տնօրէնութեան, Արեւելեան հարեւանութեան եւ Թուրքիոյ հարցերով տնօրէն Ատրիէն Քիրալին։
Միաժամանակ, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան եւ Եւրոպական սահմանային եւ առափնեայ պահպանութեան գործակալութեան գործադիր տնօրէն Հանս Լեյթենս նախաստորագրած են գործնական գործակցութեան վերաբերեալ աշխատանքային պայմանաւորուածութեան փաստաթուղթը։
Գագաթնաժողովի ընթացքին Եւրոպական Միութիւնը նաեւ հայկական առանցքային ընկերութիւններուն եւ հիմնադրամներուն յանձնած է մտադրութեան վեց նամակ՝ Հայաստանի մէջ ներդրումներու խթանման նպատակով։
Բացի այդ, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը ՀՀ ներքին գործոց նախարարին յանձնած է մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագրի իրականացման վերաբերեալ Եւրոպական յանձնաժողովի առաջընթացի զեկոյցը։ Զեկոյցին մէջ արձանագրուած է Հայաստանի կողմէ իրականացուող քայլերու դրական առաջընթացը, ինչպէս նաեւ ներկայացուած են առաջարկներ՝ բոլոր պայմաններու կատարման պարագային Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ մուտքի արտօնագիրներու լիարժէք ազատականացման հասնելու համար։