Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ խորհրդարան ուղարկուած է 4 պատգամաւոր անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն:
Յիշեալ միջնորդութեամբ պահանջ ներկայացուած է դադրեցնել Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP-ԺԴԿ) երեք եւ քրտական «Ժողովրդավարական տարածաշրջանային» (DBP) կուսակցութեան մէկ պատգամաւորի անձեռնմխելիութիւնը: Անոնց շարքին է նաեւ HDP-էն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: