ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային ժողովէն ներս հանդիպած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան անդամներուն հետ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Ժողովուրդ» օրաթերթը։
Օրաթերթի տեղեկութիւններով`հանդիպումը ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ եղած է ու տեւած է մինչեւ ուշ երեկոյ։
«Նիկոլ Փաշինեանը իր վերջին արտագնայ հանդիպումների արդիւնքներն է ներկայացրել. խօսքը, մասնաւորապէս, Քազանում՝ «Պրիքս»–ի 16–րդ գագաթնաժողովի ընթացքում Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման մասին է»,– գրած է թերթը:
Փաշինեանի ելոյթէն ետք ՔՊ–ականները անոր հարցեր ուղղած են խաղաղութեան պայմանագրի, սահմանազատման գործընթացի մասին:
Հանդիպման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը նոր բան չէ ըսած. «Ինչ գիտենք` դա էր»,– «Ժողովուրդ»–ին ըսած են իշխանական պատգամաւորները: