Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Քոփենհակընի մէջ մասնակցած է Եւրոպական քաղաքական համայնքի 7-րդ գագաթնաժողովին: Այս մասին յայտնած են կառավարութենէն:
Երկիրներու առաջնորդները դիմաւորած է Դանիայի վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսընը: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է գագաթնաժողովի լիագումար նիստը:
Յաջորդիւ կայացած է գագաթնաժողովի մասնակիցներու համատեղ տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը: