image

Փաշինեանի պաշտօնանկութեան համար անհրաժեշտ է 54 ձայն. Սաղաթէլեան

Փաշինեանի պաշտօնանկութեան համար անհրաժեշտ է 54 ձայն. Սաղաթէլեան

Այս իշխանութիւնները հեռացնելու համար կայ երկու ճանապարհ՝ հրաժարական եւ պաշտօնանկութիւն խորհրդարանի միջոցով, եւ այս ճանապարհով յաջողութեան կրնանք հասնիլ բացառութեամբ մէկ պարագայի՝ համաժողովրդական լայն ճնշման միջոցով, այս մասին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ յայտարարած է «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան։

Ան նշած է, որ որպէսզի ԱԺ–ի մէջ վարչապետի հրաժարականի գործընթացը մտնէ շրջանառութեան մէջ անհրաժեշտ է պատգամաւորներու 1/3-ի քուէն՝ 36 ստորագրութիւն։ Երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները «դե ֆակտո» (փաստացի) ունին 35 մանթատ։ Խորհրդարանին մէջ բուն պաշտօնանկութեան համար անհրաժեշտ է 50+1% ձայն, այսինքն՝ 54 պատգամաւորի ձայն։

Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ նշած է, որ պաշտօնանկութեան համար անհրաժեշտ է Սահմանադրութեամբ նախատեսուած երկու պայման՝ իրաւաքաղաքական հիմքեր եւ վարչապետի թեկնածու։ «Իրաւաքաղաքական հիմքերը ակնյայտ են»,–ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ որեւէ նորմալ երկրի մէջ այս հիմքերը բաւարար կ'ըլլային վարչապետի պաշտօնանկութեան համար։ Սաղաթէլեանն ըսած է, որ վարչապետի պաշտօնանկութեան գործընթացը պէտք է սկսիլ հնարաւորինս շուտ, բայց ճիշդ ժամանակին, որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլայ։

«Երբ մենք 36 ստորագրութիւնն ապահովենք, գործընթացը տեւելու է 48-72 ժամ։ Այդ 72 ժամում մեզ անհրաժեշտ են տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ՝ 24-ժամեայ ռեժիմով։ Ընդամէնը 72 ժամ։ Եւ մենք այդ երեք օրուայ ընթացքում ժողովրդի կամքը թելադրելով, ժողովրդի թեկնածուին ներկայացնելով միասին հեռացնելու ենք այս իշխանութեանը»,– ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ գործընթացը պիտի չսկսին զուտ սկսելու համար, քանի որ եթէ յաջողութեան չհասնին, ապա այդ գործիքակազմէն օգտուիլ կրնան վեց ամիս ետք միայն։

Վաղն առաւօտվանէն կը սկսինք նախաձեռնութիւն Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն, վերլուծաբաններուն, փորձագէտներուն, մտաւորականներուն, բոլոր կարող մարդոց հետ կը սկսինք խորհրդակցութիւններ՝ 2 հիմնական ուղղութեամբ՝ «Հայաստանը Նիկոլից յետոյ» զարգացման ծրագիր եւ շարժումն աւելի ընդլայնելու ուժ տալու իմաստով։