image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ եւ Պահրէյնի ԱԳ նախարարները անհրաժեշտ կը համարեն բանակցութիւններ սկսիլ Իրանի հարցով

Ռուսիոյ եւ Պահրէյնի ԱԳ նախարարները անհրաժեշտ կը համարեն բանակցութիւններ սկսիլ Իրանի հարցով

 

Ռուսիոյ եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովը եւ Ապտել Լաթիֆ ալ-Զայանին հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Պարսից ծոցի իրադրութիւնը՝ Իրանի շուրջ հակամարտութեան լոյսի ներքոյ։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը, այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Զրոյցի ընթացքին հիմնական ուշադրութիւնը յատկացուած է Պարսից ծոցի գօտիին մէջ իրադրութեան զարգացումներուն՝ լայնածաւալ զինուած հակամարտութեան պայմաններուն մէջ, որ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ չհրահրուած յարձակումի հետեւանք է»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

«Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները ընդգծած են ռազմական գործողութիւնները շուտափոյթ դադրեցնելու եւ բանակցային գործընթաց սկսելու անհրաժեշտութիւնը՝ ողջամիտ փոխզիջումային լուծումներ գտնելու նպատակով»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Կողմերը անընդունելի նկատած են խաղաղ բնակչութեան եւ կարեւոր ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը։

Լաւրով վերահաստատած է Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը՝ օգտագործելու բոլոր հնարաւորութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրադրութեան կայունացման նպաստելու համար։