image

Փաշինեան ներկայացուցած է, թէ ինչ հարցեր քննարկուած են Դիլիջանի մէջ Գրիգորեան-Հաճիեւ հանդիպման ժամանակ

Փաշինեան ներկայացուցած է, թէ ինչ հարցեր քննարկուած են Դիլիջանի մէջ Գրիգորեան-Հաճիեւ հանդիպման ժամանակ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է այն փաստը, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, այլ ոչ թէ տարածաշրջանէն դուրս։

Նիկոլ Փաշինեանն այդ մասին ըսած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ։

«Սա նշանակում է, որ   խաղաղութեան գործընթացի ուղղութեամբ մենք գնում ենք առաջ եւ կառավարում ենք այն ռիսկերը, որոնք կարող էին առաջանալ»,-ըսած է վարչապետը։

Ան նշած է, որ հանդիպման ընթացքին բարձրացուած են տարբեր հարցեր, այդ շարքին՝ անազատութեան մէջ գտնուող անձանց, ինչպէս նաեւ սահմանային իրադրութեան կառավարման հետ կապուած հարցեր։

«Ես եմ Արմէն Գրիգորեանին յանձնարարել, որպէսզի Ադրբեջանի իր գործընկերոջ հետ քննարկի՝ կա՞յ արդեօք հանդիպման անհրաժեշտութիւն, թէ՞ ոչ։ Մենք զբաղուած ենք իրադրութեան կառավարմամբ»,-ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու բանակցութիւնները  բոլոր երկիրներու հետ իրար դիրքորոշումները, ծրագիրները, ռազմավարութիւնները, մտահոգող հարցերը քննարկելու համար են։

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմեն Գրիգորեանը Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւը հանդիպած էին յունիս 14-ին Դիլիջանի մէջ։