Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Էլիզեան պալատին մէջ մասնակցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ տիկին Պրիժիթ Մաքրոնի անունով՝ ի պատիւ «Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողովի» մասնակից պետութիւններու, կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու տրուած պաշտօնական ընթրիքին:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետը տիկնոջ հետ աշխատանքային այցով Փարիզ են։ Աւելի վաղ կայացած է Նիկոլ Փաշինեանի ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը, իսկ նոյեմբեր 10-ին ՀՀ վարչապետը պիտի մասնակցի «Խաղաղութեան 6-րդ համաժողով»-ին: