image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան եւ Տիկինը ներկայ եղած են Մաքրոնի կողմէ տրուած պատուոյ ընթրիքին

Փաշինեան եւ Տիկինը ներկայ եղած են Մաքրոնի կողմէ տրուած պատուոյ ընթրիքին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Էլիզեան պալատին մէջ մասնակցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ տիկին Պրիժիթ Մաքրոնի անունով՝ ի պատիւ «Փարիզի խաղաղութեան 6-րդ համաժողովի» մասնակից պետութիւններու, կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու տրուած պաշտօնական ընթրիքին:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետը տիկնոջ հետ աշխատանքային այցով Փարիզ են։ Աւելի վաղ կայացած է Նիկոլ Փաշինեանի ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը, իսկ նոյեմբեր 10-ին ՀՀ վարչապետը պիտի մասնակցի «Խաղաղութեան 6-րդ համաժողով»-ին: