image

Փաշինեան բանախօսութեամբ հանդէս եկած է

Փաշինեան բանախօսութեամբ հանդէս եկած է

Այսօր «Կրթուելը նորաձեւ է»  շարժման հերթական կանգառը Կապան քաղաքն էր։ Հանդիպման ներկայ էր շուրջ 700 մարդ, ինչ որ կը վկայէ թէ՛ շարժման ընկալման խորացման եւ թէ Սիւնիքի մարզի քաղաքացիներու հետաքրքրուածութեան մասին։ Այս մասին յայտնած են «Իմ Քայլը» հիմնադրամէն։

Միջոցառման բացումը կատարեց ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ Քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աննա Յակոբեանը։ Իր բանախօսութեան սկիզբը տիկին Յակոբեան ներկայացուց Շարժման գաղափարական առանցքը եւ անոր ապաքաղաքական բնոյթը։ Ան խօսեցաւ կրթութեան ժամանակակից ընկալման անհրաժեշտութեան, ինքնակրթութեան կարեւորութեան եւ կրթուելու հանդէպ մեր ունեցած վերաբերմունքի մասին։ 

Միջոցառման երկրորդ բանախօսը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն էր իր «Իմանալ` ինչպէս» բանախօսութեամբ։ Իր ելոյթին մէջ վարչապետը խօսեցաւ ամենատարբեր ոլորտներու մէջ «ինչպէս գործել» իմանալու մասին: Իսկ երկրորդ ելոյթին մէջ՝ «Իրական Հայաստան» խորագրով, վարչապետն անդրադարձաւ արժեհամակարգային տարրերուն՝ բարձրացնելով մտածողութեան վերափոխման, պետականութեան վերարժեւորման եւ առհասարակ գիտակից քաղաքացի ըլլալու կարեւորութիւնը։

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ հարցպատասխանի հատուածը, որուն ընթացքին մասնակիցներն ուղղեցին շարք մը կարեւոր հարցեր՝ սկսեալ դպրոցներու մէջ արժէքներ փոխանցելու գործելաձեւերէն մինչեւ դատաիրաւական համակարգի նկատմամբ վստահութեան խնդիրներն ու փտտածութեան կանխարգիլման գործելաձեւերը։