image

Փաշինեան–Ալիեւ հանդիպում Ապրիլ 6-ին

Փաշինեան–Ալիեւ հանդիպում Ապրիլ 6-ին

Պրիւքսէլի մէջ Ապրիլ 6-ին նախատեսուած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի համատեղ հանդիպումը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Տեղեկութիւնը հրապարակուած է Եւրոպական խորհուրդի կայքին մէջ:

Յիշեցնենք, որ վերջին անգամ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը հանդիպած էին Պրիւքսէլի մէջ2021 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին, կրկին Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ: Այդ հանդիպման արդիւնքներով` Ատրպէյճանը Դեկտեմբեր 19-ին Հայաստանին վերադարձուցած էր 10 գերի: