image

Փարիզի պատմական դարձած «Սամուէլեան» գրատան քանի մը մասունք կը հանգրուանէ Մատենադարանին մէջ

Փարիզի  պատմական դարձած «Սամուէլեան» գրատան քանի մը մասունք կը հանգրուանէ Մատենադարանին մէջ

Ժամանակի սղութեան եւ թեքնիք խնդիրներու պատճառով «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանը չէր յաջողած մասնակցիլ անցեալ Յունիս 11-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած աճուրդին, ուր վաճառքի դրուած էր «Սամուէլեան» գրատան ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու հաւաքածոն։

Մատենադարանի տնօրէնը բազմիցս ընդգծած է գրաւոր ժառանգութեան սեփականատէրերուն հետ ուղղակի բանակցութիւններու կարեւորութիւնը:

Յուլիս 31-ին, Կարապետ Եսայեանի ընտանիքը, որ մասնակցած էր նշեալ աճուրդին, իր գնած հնատիպ գիրքերը նուիրած է Մատենադարանին:

«Այս քայլը կարեւոր է ոչ միայն Մատենադարանի հաւաքածոները ամբողջացնելու առումով, այլեւ ունի բարոյական նշանակութիւն։ Ան յատուկ ուղերձ մըն է համայն հայութեան՝ միանալու Մատենադարանի նախաձեռնած “Մատեաններու տունդարձը” արշաւին։ 

Մատենադարանի տնօրէնութիւնը խորին երախտագիտութիւն կը յայտնէ Եսայեան ընտանիքին՝ ազգային մշակոյթի հանդէպ նման բարձր վերաբերումին համար»,– նշուած է Մատենադարանի տնօրէնութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։