Փաքիստանի Փեշավար քաղաքին մէջ ոստիկանութեան կեդրոնակայանը յարձակման ենթարկուած է երեք մահապարտ ահաբեկիչի կողմէ: Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է Reuters-ը:
Ահաբեկիչները կրակ բացած են ոստիկանութեան կեդրոնակայան մտնելու փորձի ժամանակ, ապա արդէն ներսը իրենք զիրենք պայթեցուցած են։
Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ պայթումի հետեւանքով զոհուած է երեք զինուորական:
Դեռ ոչ մէկ խմբաւորում ստանձնած է ահաբեկչութեան պատասխանատւութիւնը։