Պոլսոյ մէջ պղնձագործութեան արուեստով ու արհեստով հետաքրքրուող շրջանակներու մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող՝ պղնձագործ Գարեգին-Գայա Գալայճը, օրերս, այցելութիւն տուած էր Պոլսոյ Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին եւ անոր նուիրած իր արուեստին ու արհեստին մասին պատրաստած երկու գիրքերը։
Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ ՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Մայիս 2024, Երեքշաբթի, ընդունեց պղնձագործ արուեստագէտ Գարեգին-Գայա Գալայճըի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ որդւոյն ու անոր խօսեցեալին։ Գալայճը իր այս այցելութեամբ եկած էր Նորին Ամենապատուութեան նուիրելու իր արուեստին ու արհեստին մասին պատրաստած երկու գիրքերը՝ Bakırın hikayesi ve dört nesil “Kalayci Ailesi" ve Madenin ihtişami։ Ան ընտանիքի չորրորդ սերունդն է, որ կը զբաղի պղնձագործութեամբ եւ արդէն ծանօթ անուն է այս արուեստով ու արհեստով հետաքրքրուող շրջանակներու մէջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս այցելութեան համար, որով այս երկրի հայ հասարակութիւնը պատմութեան ընթացքին ծանօթ եղած է նաեւ իր արուեստով եւ Գարեգին-Գայա Գալայճը եւս եղած է այդ գործին շարունակողը։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Գալայճըն եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց իրեն։
Նոյն առթիւ Պատրիարք Հօր օրհնութիւնն ու աղօթքը խնդրուեցաւ Գալայճըի որդւոյն եւ խօսեցեալին համար, որոնք ի մօտոյ պիտի ամուսնանան։ Մեր Հոգեւոր Պետը օրհնեց երիտասարդները եւ մաղթեց ցմահ միասնութիւն։