image

Իսրայէլ հարուածեց Պէյրութի կեդրոնին մերձ. Թիրախը «Հըզպալլա»ի մամլոյ բանբեր՝ Մոհամմատ Աֆիֆն էր (Լուսանկար)

   Իսրայէլ  հարուածեց Պէյրութի կեդրոնին մերձ. Թիրախը   «Հըզպալլա»ի  մամլոյ    բանբեր՝ Մոհամմատ Աֆիֆն էր (Լուսանկար)

 Անսպասելի հարուածով  մը Իսրայէլ   կիրակի  օր սպաննեց «Հըզպալլա»ի կարեւոր  քատրերէն հանդիսացող՝  Հաժ Մոհամմատ  Աֆիֆը։

Աֆիֆ,  որուն անունը  հանրայայտ կը դառնար մասնաւորապէս  վերջին   երկու ամիսներուն կը վարէր  կազմակերպութեան մամլոյ  բանբերի պաշտօնը։

Ան  ընթացիկ եւ  անակնկալ ելոյթներ ունենալով կը ներկայացնէր  գետնի վրայ տիրող  իրադրութիւնը   վստահեցնելով, որ մարտերը կը շարունակուին եւ «Հըզպալլա»ն անպարտելի է։

Աֆիֆի սպանութիւնը  տեղի կ՚ունենար Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մօտ գտնուող  «Ռաս ալ նապըհ»  շրջանին մէջ, ուր թիրախ կը դարձուէր  Աֆիֆին   ապաստան դարձած  «Պաաս» կուսակցութեան կեդրոնատեղի- շէնքը։

 

Աֆիֆի սպանութեան  լուրը կը հաստատէր նաեւ «Հըզպալլա»ն, իսկ լիբանանեան   ԶԼՄ-ներ եւ մամուլի շրջանակներ կը սգային անոր կորուստը։