Սուրբ տօներուն ընդառաջ եւ նախքան կանխահաս արձակուրդներուն սկսիլը, 13-16 Դեկտեմբերին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքը` աշակերտներով, ուսուցիչներով եւ ծնողներով, մասնակիցը դարձաւ երկար շարք մը ձեռնարկներու, որոնք յագեցած էին ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի ապրումներով զորս Մեծ Աւետիսը կը պարգեւէ բոլոր քրիստոնեաներուն:
Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի մեր փոքրիկներուն համար այդ օրերը եղան ժամանակը Սուրբ Ծննդեան թեմաներով աշխատանքներ կատարելու, երգեր սորվելու, գիտելիքներ ձեռք բերելու եւ անշուշտ Կաղանդ պապայի այցով եւ բերած նուէրներով ուրախանալու: Այս տարի եւս օրինակելի բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր մանկապարտէզի “Կենդանի Մսուրը”, որուն ներկայ եղան մեծաթիւ ծնողներ` իրենց քաջալերանքով ամրապնդելու համար հաւատքը մեր փոքրիկներուն մէջ:
Սուրբ Ծննդեան պատարագները, որոնք կայացան առանձնաբար նախակրթրանի եւ երկրորդականի աշակերտներուն համար, յատկանշուեցաւ աշակերտներու աշխոյժ մասնակցութեամբ: Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութեան հոգեւորականները ստեղծեցին աղօթքի միասնականութեան մթնոլորտ, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ արտասանեցին յաւուր պատշաճի դիտաւորութիւններ, կատարուեցան գոհաբանական աղօթքներ: Նոյն օրերուն տեղի ունեցած էին աշակերտներու խոստովանանքն ու մկրտութեան վերահաստատման խոստումի արարողութիւնը, որ արդէն դարձած է աւանդական՝ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ:
Խոստումի արարողութեան մասնակցեցան 8-րդ դասարանի աշակերտները: Արարողութիւնը կատարեց Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան: Ան այս առիթով դիտել տուաւ, որ արարողութեան բուն իմաստը կը կայանայ անոր մէջ, որ աշակերտները իրենց ազատ կամքով կը վաւերացնեն քրիստոնէայի իրենց մկրտութիւնը եւ գիտակից քայլով կ՛ամրապնդեն իրենց սէրը՝ Յիսուս Քրիստոսին հետ: Տէր Ռաֆֆի իր խօսքին մէջ շեշտեց անհրաժեշտութիւնը ընտանեկան սրբութեան եւ անկեղծ յարաբերութիւններուն պահպանման, որոնք էական նշանութիւն ունին հայ քրիստոնէայի կեանքին մէջ, ուր տիրական պէտք է մնան փոխադարձ հանդուրժողութիւնը եւ ներողամտութիւնը, յատկապէս ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ: Աշակերտները, իրենց հերթին կատարեցին անհատական եւ հաւաքական աղօթքներ՝ օրուան խորհուրդին համաձայն, հուսկ, ստորագրութեամբ վաւերացնելով իրենց խոստումը՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալու վերաբերեալ:
Դարձեալ տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեսրոպեանի մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Մանուկի Մսուր փոխադրութեան արարողութիւնը. Տէր Ռաֆֆիի առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հոգեւորական հայրերուն, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մեսրոպեանի շրջափակի կեդրոնը գտնուող տօնածառը, անոր տակ պատրաստուած Մսուրին մէջ զետեղելու համար խորհրդանիշը Մարդացած Աստուծոյն: Արարողութեան առիթով Սուրբ Ծննդեան ուղերձներ արտասանեցին ուսուցիչներ, հնչեցին հոգեւոր երգեր` խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի:
Մեսրոպեանի մէջ կայացած հոգեւոր բնոյթի բոլոր ձեռնարկները ղեկավարեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, գործակցութեամբ Հայր Խաչիկ Գույումճեանի եւ օգնական վարդապետներուն, կրօնի դասատու տիկին Սալբի Քէշիշեանի, բաժիններու պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներու: Ձեռնարկներու կազմակերպման իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ Ծնողական յանձնախումբը, որ կազմակերպեց տօնական պազարը: Ի վերջոյ, տօնական միջավայր եւ մթնոլորտ ստեղծելուն ուղղուած Մեսրոպեանի տնօրէնութեան ջանքերն ու տրամադրած միջոցները կատարելապէս արդարացուցին իրենք զիրենք` վարժարանի ընտանիքի մեծ թէ փոքր բոլոր անդամներուն հաղորդելով Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը ներկայցնող ուրախութեան, յոյսի, սիրոյ եւ հաւատքի լիարժէք ապրումներ: