Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք՝
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, տեսակցելու համար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան։
Պատուիարկութեան մաս կը կազմէին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենադպիր Սիլվա Լիպարիտեան, Շրջանակային յանձնաժողովի խորհրդական եւ ՀԵԸ-ի ատենապետ Վիգէն Չէրչեան, Շրջանակային յանձնաժողովի խորհրդականներ Արթիւր Գունտագճեան եւ Վազգէն Հատիտեան, ՀԲԸՄ ՀԵԸ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Վաչէ Մելքոնեան եւ ատենադպիր Յակոբ Ճըղըլեան եւ ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի վարիչ տնօրէն Արին Ղազարեան։
ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ընդունեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան, Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապերու պատասխանատու Ճորճ Գրիգորեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Լատոյեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան բարի գալուստ մաղթեց պատուիրակութեան, վեր առաւ Բարեգործականի համասփիւռքեան դերակատարութիւնը, յատկապէս արժեւորելով երիտասարդութեան միութենական կեանքին ներգրաւումով հայապահպանման աշխատանքներ իրականացնելը։
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակայինն վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան յաջողութիւն մաղթեց Կեդրոնական կոմիտէի նորընտիր ներկայացուցիչին եւ ընդգծեց համագործակցական ոգիով միասնական ծրագիրներ մշակելու եւ աշխատանքներ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը։
Հանդիպումը առիթ էր նաեւ խորհրդակցելու յառաջիկային տեղի ունենալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մասին։ Մասնակիցները շեշտեցին լիբանանահայ համայնքի ստուար մասնակցութեան կարեւորութիւնը թէ՛ քաղաքացիական պարտաւորութեան եւ թէ՛ լիբանանահայ քուէի նշանակութեան առումներով։
Խորհրդակցութեան մասնակիցները այնուհետեւ անդրադարձան հայաստանեան ու սփիւռքեան խնդիրներուն, լիբանանահայութեան դիմագրաւած կրթական, տնտեսական, ընկերային դժուարութիւններուն եւ ընդգծեցին հրամայականը յաճախակի քննարկումներ կատարելու ու միացեալ կառոյցներով աշխատելու։
Համագործակցութեան ոգիի եւ գործնականի անցումի շեշտադրումներու ընդգծումներով կայացած այս հանդիպումը իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ յատկապէս լիբանանահայ համայնքի առնչուած խնդիրներու ընդառաջ համագործակցաբար աշխատելու ուղիները ճշդելու նպատակով։