image

Պէյրութահայ բարերարին աջակցութեամբ նորոգուած է Ֆանար շրջանի մարզադաշտը

Պէյրութահայ բարերարին աջակցութեամբ նորոգուած է Ֆանար շրջանի մարզադաշտը

Պէյրութի  «Ազդակ»էն կը կարդանք ՝

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, բարերարութեամբ լէյլաւանցի Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանին, շաբաթ, 6 օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ Լէյլաւանի վերանորոգուած մարզադաշտի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Ս. Երրորդութիւն մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապաքեանի, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովրդային բազմութեան:

Ժապաւէնի հատումէն եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, ՀՄԸՄ-ի Պաուշրիէի մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Նարինէ Ահարոնեան, որ նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ի դաստիարակութիւնը ամփոփուած է «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանին մէջ` առողջ մարդը եւ գիտակից հայը պատրաստելու մէջ, եւ այս ոգին ապրեցնելու համար վերանորոգուած է Լէյլաւանի մարզադաշտը, որուն գոյներով` կարմիրով, կապոյտով եւ նարնջագոյնով նոր շունչ պիտի տրուի շրջանի մարզական կեանքին:

Ան ըսաւ, որ դաշտը պարզապէս քարաշէն կառոյցն է, ձեւ է, արտաքինն է, որ կեանքի կը կոչուի, եթէ ապրի, եթէ ճիշդ ձեւով գործածուի, եթէ իր նպատակին ծառայէ: Այս իմաստով, ՀՄԸՄ-ի Պաուշրիէի մասնաճիւղի վարչութիւնը կու գայ հաստատելու, որ իր բոլոր կարելիութիւնները պիտի գործադրէ, որպէսզի այս դաշտը ապրի: Ապրի՛ ֆութպոլի փոքրերու եւ մեծերու խումբերով: Ապրի՛ պասքեթպոլի խումբերով եւ ապրի՛ տարազաւոր ՀՄԸՄ-ականներով` սկաուտներով: Աւարտին, Ահարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզադաշտի վերանորոգութիւնը ստանձնած բարերար Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանին, որուն մասնակցութեամբ  կարելի եղաւ այս ծրագիրը իրականացնել:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ հակառակ հայրենիքին ապրած տագնապալի օրերուն, Լէյլաւանի մէջ Եռագոյնն ու ազգային ոգին բարձր պիտի մնան, եւ մարզադաշտի գոյներուն ընտրութիւնը ասոր ապացոյցներէն է: Ան յայտնեց, որ լէյլաւանցի Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանը անցնող երկու տարիներուն պարբերաբար զօրակցած է շրջանին` հասնելով ընտանիքներու կարիքներուն եւ ծառայելով առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու: Տէմիրճեան ըսաւ, որ Լէյլաւանի մարզադաշտի նորոգութիւնը մեծ անհրաժեշտութիւն էր, որպէսզի շրջանի պատանիներն ու երիտասարդները ունենան ընդունելի եւ արժանավայել մարզադաշտ:

Տէմիրճեան հաստատեց, որ այս մարզադաշտը խումբերու փորձերով, սկաուտական շարժումի վերաշխուժացումով եւ բազմաբնոյթ հաւաքներով պիտի նպաստէ, որ նորահաս սերունդը առաւել եւս զբաղի մարզաձեւերով եւ միանայ միութենական կեանքին, որպէսզի պահպանէ իր ազգային պատկանելիութիւնը, ունենայ առողջ կազմաւորում եւ հեռու մնայ յոռի երեւոյթներէ եւ մոլութիւններէ:

Րաֆֆի Տէմիրճեան յայտարարեց, որ Լէյլաւանի մարզադաշտին ամբողջական նորոգութիւնը ստանձնած բարերար Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեան ստանձնած է ՀՄԸՄ-ի Պաուշրիէի մասնաճիւղի յառաջիկայ երկամեակի հովանաւորութիւնը` զօրակցելով միութեան աշխատանքներուն եւ խումբերու կազմաւորման ճիգերուն: Տէմիրճեան մեծապէս գնահատեց բարերարին հոգատար վերաբերմունքը իր հարազատ շրջանին նկատմամբ:

Այս առիթով խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ անցեալին շրջանի դպրոցը մարզադաշտ չունէր, եւ քանի մը «խենթ»-եր, բարերարութեամբ Նուպար Վարդանեանին, 1985-ին գործնականացուցին Լէյլաւանի դաշտին կառուցումը, որ ո՛չ միայն ծառայեց դպրոցին, այլեւ ամբողջ շրջանին, հակառակ պատերազմի օրերուն եւ մեր ժողովուրդին դէմ հալածանքներուն` ցոյց տալով, որ հայութիւնը մահուան, աւերին եւ քանդումներուն դիմաց կը կառուցէ, սերունդ կը պատրաստէ, շինարար է:

Բագրատունի նշեց, որ այսօր հոգիի, բարոյական եւ մտային արժէքներու անկում գոյութիւն ունի, եւ երիտասարդութիւնը օր ըստ օրէ մեր իրականութենէն կը հեռանայ, սակայն շնորհիւ մեր կառոյցներուն եւ այս պարագային ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, կը ստեղծուին նոր կարելիութիւններ կամ կը վերանորոգուին, որպէսզի աշխատանքները նոր թափ եւ ոգի ստանան:

Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Տակաւին կը հաւատանք, որ Լէյլաւանը հայու հոգի ունեցող ժողովուրդ է, որուն արժանաւոր զաւակներէն մէկը Րաֆֆի Տէր Մարտիրոսեանն է, որ անաղմուկ կերպով անցեալին եւ այսօր կը զօրակցի իր ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի Լէյլաւանին: Վարձքը կատա՛ր բարերարին: Վստահ եմ, որ իր ձեռքը այս շրջանին վրայէն պիտի չելլէ»: Աւարտին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ նորահաս սերունդին գալիքին պիտի տրուին կարելիութիւններ ապրելու դրական միջավայրի մէջ, առողջ եւ բարոյական արժէքներով լեցուն միջավայրի մէջ:

Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին ելոյթ ունեցան Լէյլաւան ամառնային դպրոցէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք երգեցին «Յառաջ նահատակ»-ը: Ապա նորոգուած դաշտին մէջ լէյլաւանցիները խաղացին պասքեթպոլի խաղ մը: Բացումէն ետք Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն: