Տեղի ունեցած ձեռնարկը գեղեցիկ արդիւնքն էր վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումբի տիկիններուն անխնայ ջանքին, ժրաջան աշխատանքին, սիրայօժար ծառայութեան ու նուիրատութեան:
Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2026-ին, կազմակերպութեամբ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի նորակազմ Ծնողաց յանձնախումբին, «Շիրաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ աշնանային սիրալիր նախաճաշ:
Ձեռնարկը սկսաւ հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով, որոնց ընթացքին վեր առնուեցաւ աշնան գեղեցկութիւնն ու խորհուրդը։ Այնուհետեւ սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Ան շեշտեց, որ նման նախաձեռնութիւններ առաւել եւս կ'ամրապնդեն դպրոց-ծնողք-տնօրէնութիւն սերտ կապը՝ նպաստելով վարժարանին վերելքին ու բարգաւաճման:
Հաւաքոյթը անցաւ ջերմ ու ուրախ մթնոլորտի մէջ։
Յայտագիրը կ'ընդգրկէր հետաքրքրական վիճակահանութիւն եւ մասնակցային խաղեր, իսկ մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց հրաշալի խմբային երգերով յատուկ խանդավառութիւն պարգեւեցին ներկաներուն։
Այս ձեռնարկը գեղեցիկ արդիւնքն էր վարժարանիս Ծնողաց յանձնախումբի տիկիններուն անխնայ ջանքին, ժրաջան աշխատանքին, սիրայօժար ծառայութեան ու նուիրատութեան:


