Քրիստոնէական եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացումն ու փոխադարձ յարգանքի ամրապնդումը կարեւոր նշանակութիւն ունին ոչ միայն հոգեւոր կեանքի, այլեւ հայ համայնքային միասնականութեան պահպանման ու զարգացման տեսանկիւնէն։ Տարբեր յարանուանութիւններու պատկանող եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը, փոխադարձ այցելութիւններն ու միասնական աղօթքի պահերը կը նպաստեն փոխճանաչողութեան, վստահութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորման՝ յիշեցնելով, որ դաւանական տարբերութիւնները չեն կրնար ստուերել քրիստոնէական հասարակաց արժէքներն ու եղբայրութեան ոգին։
Այս ոգիով էր նաեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակի տօնակատարութեան առիթով Թորոնթօ ժամանած հոգեւորականներու այցելութիւնը Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի։
Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2026-ին, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակի տօնակատարութեան առիթով Թորոնթօ ժամանած հոգեւորականներ այցելեցին Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի, ուր ջերմօրէն ընդունուեցան Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանի կողմէ։
Այցելուներուն շարքին էին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան հովիւ Վեր. Հենրիկ Շանազարեան, Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Զօհրապ Սարգիսեան, Փասատինայի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան եւ Թորոնթոյի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Արա Պալըքճեան։ Ներկայ էր նաեւ Թորոնթոյի Հայ Եկեղեցիներու Միջյարանուանական Յանձնախումբի ատենապետ Տիար Յակոբ Ճանպազեան։
Տէր Զարեհ հիւրերուն ցոյց տուաւ եկեղեցւոյ զանազան բաժինները՝ հանգամանօրէն ներկայացնելով անոր հարուստ պատմութիւնը, հոգեւոր առաքելութիւնն ու համայնքի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր դերը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցւոյ ներկայ գործունէութեան, կրօնական ու կրթական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ծխական կեանքի աշխուժացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։
Շրջագայութեան ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միասնական աղօթք՝ քրիստոնէական սիրոյ, եղբայրութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ոգիով։
Այնուհետեւ Տէր Հայրը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հիւրերը, ուր ջերմ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ զրոյցը՝ առաւել եւս ամրապնդելով քոյր յարանուանութիւններուն պատկանող եկեղեցիներու միջեւ բարեկամական կապերը։
.jpeg)
.jpeg)
