Լիբանանի մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքին մէջ իր երկարամեայ ներկայութեամբ ու վաստակով ճանչցուած լիբանանահայ դերասան Ղազարոս Ալթունեան անգամ մը եւս առիթ ունեցած է հայութեան անունը բարձր պահելու։ Լիբանանեան արուեստի մեծանուն դէմքերու կողքին անոր ներկայութիւնն ու հայերէն երգի կատարումը առանձնայատուկ պահ մը ստեղծած են։
Այս մասին գրառում մը կատարած է Սագօ Արեան։
Այդ մասին Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Մեծ, շատ մեծ անուններու կողքին ապրած ու գործած Ղազարոս Ալթունեան, ինչպէս բազմաթիւ այլ առիթներով, երէկ եւս ԲԱՐՁՐ ՊԱՀԵՑ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆԸ…
Մեծ պրաւօ մը իրեն։
Դիտեցէ՛ք…
Տեսանիւթին մէջ լիբանանահայ դերասան Ղազարոս Ալթունեանն է։
Լիբանանեան արուեստի «Գեղեցիկ ժամանակներ»ու ներկայացուցչական անուններէն մէկն է ան։ Համագործակցած է Ռահպանիներուն, Մեծն Ֆայրուզին, Զիատ Ռահպանիին եւ շատ ուրիշներու հետ՝ ստանձնելով առանցքային դերեր եւ յաճախ մարմնաւորելով Լիբանան գաղթականի կարգավիճակով հասած, ապա մեծ յաջողութիւններ արձանագրած լիբանանահայու կերպարը։
Աւելի քան քառասուն տարիներ բեմին վրայ եղած Ալթունեան երէկ պարգեւատրուած է «Լիբանանեան արուեստի գեղեցիկ օրեր» ընդհանուր խորագիրը կրող հանդիսութեան մը ընթացքին։ Հաւաքին ներկայ եղած են Լիբանանի մշակութային կեանքի անուանի դէմքեր, գործիչներ եւ արուեստի երեւելիներ։
Ղազարոս Ալթունեան միշտ բարձր պահած է հայութեան անունը՝ իր ներկայութեամբ, արուեստով, շունչով եւ պարզ ու հաղորդական խօսքով։
Երէկ ան իր տարերքին մէջ էր։ Հանդիսավարը իրմէ խնդրեց կարճ երգ մը հնչեցնել։
Ու ան երգեց…
Երգեց հայերէնով, հայկական շունչով ու եռանդով։
Մեծ, շատ մեծ անուններու կողքին ապրած ու գործած Ղազարոս Ալթունեան, ինչպէս բազմաթիւ այլ առիթներով, երէկ եւս ԲԱՐՁՐ ՊԱՀԵՑ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆԸ…
Մեծ պրաւօ մը իրեն։
Դիտեցէ՛ք…
.jpeg)



