Լիբանանահայ համայնքը կորսնցուց նուիրեալ հայր մը, հանրութեան սիրելին եւ իր շրջապատին համար միշտ պատրաստակամ ու հոգատար անձնաւորութիւն մը։
Պէյրութի մէջ մահացած է Վարուժան Պարսումեան, որ հանրութեան լայն շրջանակներուն ծանօթ էր «Մալաք» անունով։
Հանգուցեալը նուիրեալ հայր էր, ընտանիքին ու հարազատներուն նկատմամբ սիրալիր, իսկ իր շրջապատին եւ լիբանանահայ համայնքին համար՝ միշտ պատրաստակամ ու ծառայասէր անձնաւորութիւն մը։
Լիբանանեան պատերազմի ամէնէն ծանր տարիներէն սկսեալ՝ ան իր կարողութիւններն ու ժամանակը դրած էր ի սպաս լիբանանահայ համայնքի զաւակներուն՝ իր մասնակցութեամբ եւ աջակցութեամբ օգտակար դառնալով բազմաթիւ մարդոց։
Մեծին հետ մեծ էր, փոքրին հետ՝ փոքր։ Իր պարզութեամբ, անմիջականութեամբ եւ մարդկային ջերմութեամբ ան կրցած էր շահիլ իր շրջապատին սէրն ու վստահութիւնը։ Հաւանաբար, այդ սիրոյն ու մտերմութեան արտայայտութիւնն էր նաեւ «Մալաք» անունը, որով բոլորը կը ճանչնային զինք։
«Մալաք»ը, որ արաբերէնով կը նշանակէ թագաւոր, իրեն համար դարձած էր ոչ միայն մականուն մը, այլեւ բնաւորութեան ու մարդկային նկարագրի իւրայատուկ արտայայտութիւն։ Ան ապրեցաւ թագաւորի մը արժանապատուութեամբ, սիրեց իր շրջապատի մարդիկը մեծահոգութեամբ եւ շատերու համար հայրական հոգատարութիւն ցուցաբերեց։
Թերեւս, իր կատարած բարի գործերուն կարեւոր մէկ մասը պիտի շարունակէ մնալ անյայտ։ Վարուժան Պարսումեան երբեք չէր փափաքած, որ իր աջակից ձեռքը տեսանելի դառնայ, կամ իր նուիրատուութիւններն ու օգնութիւնները դառնան հանրային խօսակցութեան նիւթ։ Ան կը նախընտրէր լուռ գործել, առանց ակնկալութեան եւ առանց փոխադարձ հատուցումի։
Այս առումով, իր կեանքը կը յիշեցնէ Սուրբ Գիրքի այն պատգամը.
«Այլ երբ ողորմութիւն ընես, թող ձախ ձեռքդ չգիտնայ, թէ աջ ձեռքդ ի՛նչ կ՚ընէ, որպէսզի ողորմութիւնդ ծածուկ մնայ»։
Վարուժան Պարսումեանի հեռանալով՝ լիբանանահայութիւնը կը կորսնցնէ անձ մը, որուն ներկայութիւնը շատերու կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղը ունէր։ Անոր յիշատակը պիտի շարունակէ ապրիլ ոչ միայն իր ընտանիքին եւ հարազատներուն սրտերուն մէջ, այլեւ այն մարդոց յուշերուն մէջ, որոնց կեանքին ան երբեւէ օգտակար եղած է։
Թագաւորի մը նման ապրեցաւ, բայց իր մեծութիւնը գտաւ մարդոց ծառայելու եւ զանոնք սիրելու կարողութեան մէջ։
Հոգին լուսաւորուի։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի ընտանիքին կողմէ հրապարակուած մահազդը՝
Մահազդ
Տէր եւ տիկին Ժագ եւ Անի Պարսումեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Լիզա Պարսումեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Անի Պարսումեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Էտօ եւ Ռիթա Պարսումեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Դրօ եւ Շանթալ Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տիար Վարուժ Պարսումեան
Օրիորդ Քլէր Պարսումեան
Տիար Կարէն Պարսումեան
Տիար Միսաք Պարսումեան
Տիար Քրիսթ Պարսումեան
Օրիորդ Պայծառիկ Պարսումեան
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Մարիա Պարսումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Երուանդ եւ Սիւզի Բանճարեան եւ զաւակունք
Եւ համայն` Պարսումեան, Մարկոսեան, Մելքիսէթեան, Քէշիշեան, Զատիկեան, Զաքարեան ընտանիքներ եւ ազգականներ սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն իրենց հօր, մեծհօր, աներհօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆի
(ԱԼ ՄԱԼԱՔ)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր, 2026-ին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 27 նոյեմբեր, 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Անթիլիաս, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը։
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային Առաջնորդարանի (ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ - ԵՌԱԳՈՅՆ)) սրահին մէջ։ Ինչպէս նաեւ շաբաթ, 28 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ։