Ուքրանիան առաջարկած է Ռուսիոյ՝ Սեւ ծովու մէջ զինադադար հաստատել՝ միջազգային գործընկերներու աջակցութեամբ։ Այս նախաձեռնութիւնը ուղղուած է համաշխարհային շուկաներ պարենամթերքի մատակարարումներու անվտանգութեան ապահովման։
Այս մասին Քիեւի մէջ յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհան՝ պարենային անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովի շրջածիրէն ներս։
«Մենք պատրաստ ենք զինադադարի եւ երախտապարտ ենք Հնդկաստանին, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսին, որոնք աշխոյժ եւ կարեւոր դեր կը խաղան Սեւ ծովու մէջ լարուածութեան նուազեցման, ինչպէս նաեւ բանակցային գործընթացին մէջ։ Մենք կը սպասենք Ռուսիոյ պատասխանին», ըսած է Սիպիհան։
Ըստ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին՝ ռուսական կողմը առաջարկած է, որ Քիեւ, որպէս համաձայնագիրի մաս, ձեռնպահ մնայ Ռուսիոյ նաւթային ոլորտին հարուածներ հասցնելէ։ Ուքրանիան պատրաստ է քննարկելու այդ տարբերակը միայն աւելի լայն համաձայնագիրի շրջածիրէն ներս, որ կը նախատեսէ դադրեցնել երկու երկիրներու ուժանիւթային ենթակառոյցներուն դէմ յարձակումները։
Նախաձեռնութիւնը կը քննարկուի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կողմէ առեւտրային եւ վառելանիւթային ենթակառոյցներու ուղղութեամբ իրականացուող փոխադարձ յարձակումներուն զուգահեռ։
Առեւտրական նաւերու եւ նաւահանգիստներու դէմ պարբերական յարձակումներուն պատճառով վերջին ամիսներուն Սեւ ծովու հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ նաւարկութիւնը գրեթէ դադրած է։
Խոշոր ընկերութիւնները կը հրաժարին նաւեր ուղարկելէ այդ շրջանը՝ պատճառաբանելով ոչնչացման վտանգը եւ ապահովագրական ծախսերու կտրուկ աճը։ Որպէս արդիւնք, Քիեւ եւ պարենի ներածումէն կախեալ երկիրները դիւանագիտական երաշխիքներ կը փնտռեն՝ ծովային միջանցքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար։