image

Իսրայէլի մէջ արաբական բարձրացող ձայնը

Իսրայէլի  մէջ արաբական բարձրացող ձայնը

Իսրայէլի ընտրութիւնները (27 Հոկտեմբեր) անգամ մը եւս բացայայտեցին երկրին քաղաքական համակարգին մէջ տիրող փակուղին։ Նաթանիահուի ճամբարը պահպանեց իր դիրքերը, սակայն անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը ապահովելու անկարողութիւնը եւ արաբական ցանկերուն արձանագրած յաջողութիւնը նոր իրավիճակ մը ստեղծեցին։ Այժմ հարցը միայն այն չէ, թէ ո՛վ պիտի կազմէ յաջորդ կառավարութիւնը, այլ նաեւ՝ թէ քաղաքական ուժերը որքանո՞վ պատրաստ են ընդունելու արաբ քաղաքացիներուն վճռորոշ դերակատարութիւնը։

Իսրայէլի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները վճռական պատասխան չտուին։ Նաթանիահուի գլխաւորած ճամբարը պահպանեց իր դիրքերը, ընդդիմադիր ուժերը չկրցան ապահովել անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը, իսկ արաբական ցանկերը դարձան խորհրդարանական նոր հաւասարակշռութեան առանցքային գործօնը։

Նախնական հաշուարկներով՝ Նաթանիահուի ճամբարը ապահոված է 53 աթոռ, փոփոխութեան ճամբարը՝ 48, իսկ արաբական ցանկերը՝ 19։ Այս թիւերը, վերջնական հաստատման ենթակայ ըլլալով հանդերձ, կը նշանակեն, որ կողմերէն ոչ մէկը առանձինն կրնայ ապահովել կառավարութիւն կազմելու համար անհրաժեշտ 61 աթոռները։

Սակայն այս ընտրութիւններուն նշանակութիւնը միայն խորհրդարանական թիւերուն մէջ չէ։ Անոնք կը բարձրացնեն նաեւ աւելի խոր հարցումներ՝ Իսրայէլի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, արաբ քաղաքացիներուն մասնակցութեան եւ իշխանութեան շուրջ ձեւաւորուող համաձայնութիւններուն մասին։

Նաթանիահուի քաղաքական «դիմադրողականութիւն»ը

Բենիամին Նաթանիահուին դէմ ուղղուած քննադատութիւնները վերջին տարիներուն բազմապատկուած են։ Անոր կառավարութիւնը ծանր քննադատութեան ենթարկուած է 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ի յարձակումները կանխելու ձախողման համար։ Երկիրը ապրած է ապահովական խոր ճգնաժամ, ներքաղաքական բախումներ եւ դատական համակարգի փոփոխութիւններուն շուրջ սուր տարակարծութիւններ։ Բանակին մէջ ուղղափառ հրեաներու զօրակոչի հարցն ալ դարձած է կառավարութեան ներքին հակասութիւններուն գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը։

Այս բոլորին հակառակ՝ Նաթանիահու չկորսնցուց իր քաղաքական յենարանը։ Լիքուտի 26 աթոռ ապահովելը եւ իր ճամբարին՝ ընդդիմադիր ուժերէն աւելի մեծ թիւ մը արձանագրելը կը փաստեն, որ ան տակաւին կը վայելէ ընտրազանգուածի զգալի հատուածի մը աջակցութիւնը։

Ինչպէ՞ս բացատրել այս երեւոյթը։ Ինչպէ՞ս քաղաքական գործիչ մը, որուն անունը կապուած է այսքան ծանր ձախողումներու եւ հակասութիւններու, կը շարունակէ մնալ քաղաքական մրցապայքարին կեդրոնը։

Պատասխանը միայն Նաթանիահուի ընտրական մեքենային կամ քաղաքական մարտավարութեան մէջ չէ։ Ան ունի աջակողմեան հաստատուն ընտրազանգուած մը, որուն համար ազգային ինքնութիւնը, ապահովական հարցերը եւ պաղեստինցիներուն նկատմամբ կեցուածքը յաճախ աւելի առաջնահերթ են, քան կառավարութեան գործունէութեան այլ ոլորտներուն մէջ արձանագրուած ձախողումները։

Այս ընտրողներուն մէկ մասը Նաթանիահուն կը նկատէ իր գաղափարական համոզումներուն ներկայացուցիչը։ Անոնց համար անոր հեռացումը իշխանութենէն ինքնին լուծում չէ, եթէ ընդդիմութիւնը չկարենայ առաջարկել համոզիչ եւ վստահելի այլընտրանք մը։

Այստեղ է, որ կը հասկցուի Նաթանիահուի քաղաքական դիմադրողականութիւնը։ Առաջնորդի մը ձախողումները ինքնաբերաբար չեն վերածուիր ընտրական պարտութեան, երբ անոր հակառակորդները չեն յաջողիր հանրութեան համապատասխան հատուածներուն վստահութիւնը շահիլ։

Սակայն արդիւնքը պէտք չէ մեկնաբանել իբրեւ անվերապահ յաղթանակ։ Իշխող «Լիքուտ» կուսակցութիւնը 2022 թուականի 32 աթոռներէն իջած է 26-ի, իսկ Նաթանիահուի ճամբարը կը մնայ անհրաժեշտ մեծամասնութենէն հեռու։ Ան տակաւին չէ պարտուած, բայց նաեւ չէ ապահոված իշխանութիւնը պահելու համար անհրաժեշտ քաղաքական պայմանները։

Արաբական ցանկերը՝ նոր կշիռի տէր

Իսրայէլի ընտրութիւններուն ամէնէն ուշագրաւ երեւոյթներէն մէկը արաբական ցանկերուն արձանագրած յաջողութիւնն է։ Նախնական արդիւնքներով՝ անոնք ապահոված են 19 աթոռ՝ դառնալով իշխանութեան կազմութեան շուրջ ընթացող հաշուարկներուն կարեւորագոյն գործօններէն մէկը։

Նախնական գնահատումներով՝ արաբական հասարակութեան մասնակցութիւնը հասած է շուրջ 80 տոկոսի, մինչ երկրի ընդհանուր մասնակցութիւնը նշուած է 77.7 տոկոս։ Եթէ վերջնական արդիւնքները հաստատեն այս թիւերը, պիտի նշանակէ, որ արաբ քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը գերազանցած է ընդհանուր միջինը։

Այս պատկերը պէտք է դիտարկել այն պայմաններուն լոյսին տակ, որոնց մէջ կ՚ապրին պաղեստինեան ծագում ունեցող Իսրայէլի քաղաքացիները։ Վերջին տարիներուն անոնք դիմագրաւած են յանցագործութեան եւ բռնութեան սրացում, քաղաքական խտրականութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններ եւ իրենց ինքնութեան շուրջ աճող լարուածութիւն։

2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-էն ետք այս լարուածութիւնը աւելի խորացած է։ Պաղեստինցիներուն նկատմամբ համերաշխութեան արտայայտութիւնները եւ քաղաքական դիրքորոշումները յաճախ բախած են սահմանափակումներու եւ ճնշումներու։ Այս մթնոլորտին մէջ արաբական հասարակութեան ընտրական մասնակցութիւնը միայն կուսակցութիւններու քարոզարշաւին արդիւնքը չէ։

Ան նաեւ քաղաքական ներկայութիւնը հաստատելու եւ մեկուսացման փորձերուն հակադրուելու միջոց մըն է։ Երբ հասարակութեան մը քաղաքական ձայնը սահմանափակելու միտումներ կը յառաջանան, ընտրական մասնակցութիւնը կրնայ վերածուիլ քաղաքացիական իրաւունքներու վերահաստատման։

Այնուամենայնիւ, մասնակցութեան աճը պէտք չէ ինքնաբերաբար համընդհանուր քաղաքական համախմբումի նշան նկատել։ Ընտրական յաջողութիւնը չի վերացներ արաբական քաղաքական ուժերուն միջեւ եղած տարբերութիւնները եւ չերաշխաւորեր, որ անոնք պիտի կարենան իրենց թուային կշիռը վերածել իրական ազդեցութեան։

19 աթոռը, սակայն, նոր իրավիճակ կը ստեղծէ։ Երբ Նաթանիահուի ճամբարը ունի 53 աթոռ, իսկ փոփոխութեան ճամբարը (Բանակի սպայակոյտի նախկին պետ՝ Կատի Այզընքոթի առաջնորութեամբ) 48 աթոռ ունի , արաբական ցանկերուն աջակցութիւնը կրնայ վճռորոշ դառնալ կառավարութեան կազմութեան կամ անոր գոյատեւման հարցին մէջ։

Հետեւաբար, իսրայէլեան քաղաքական համակարգին առջեւ նոր հարցում մը կը դրուի. կարելի՞ է արաբ քաղաքացիներուն ձայները հաշուարկել ընտրութիւններուն ընթացքին, բայց անտեսել զանոնք, երբ խօսքը իշխանութեան բաժնեկցութեան եւ որոշումներու կայացման կը վերաբերի։

«Փոփոխութեան ճամբար»ը՝ քաղաքական հակասութիւններու առջեւ

Նաթանիահուի հակառակորդները ընտրապայքարին ընթացքին իրենց գլխաւոր նպատակը դարձուցած էին անոր իշխանութեան վերջ տալը։ Սակայն այժմ անոնք կը կանգնին աւելի բարդ հարցի մը առջեւ. պատրա՞ստ են գործակցելու արաբական ցանկերուն հետ, նոյնիսկ եթէ այդ գործակցութիւնը սահմանափակուի փոքրամասնութեան կառավարութեան մը արտաքին աջակցութեամբ։

 Իսրայլեան Քնեսէթի անդամ, արաբ պատգամաւոր Ահմէտ Թիպի յայտնած է նման կառավարութեան մը աջակցելու կարելիութեան մասին։ Բայց քաղաքական յայտարարութենէն մինչեւ իրական համաձայնութիւն երկար ճամբայ կայ։

Նաֆթալի Պենեթի, Աւիկտոր Լիպերմանի եւ Կատի Այզընքոթի նման գործիչներուն համար արաբական կուսակցութիւններու աջակցութեամբ կառավարութիւն կազմելը կրնայ նշանակել տարիներ շարունակ պահպանուած դիրքորոշումներու վերանայում։ Անոնք պէտք է որոշեն՝ արդեօք Նաթանիահուն իշխանութենէն հեռացնելու նպատակը բաւարար հիմք կը ներկայացնէ արաբական կուսակցութիւններուն խորհրդարանական աջակցութիւնը ընդունելու համար։

Այստեղ կարեւոր է տարբերել արաբական կուսակցութիւններուն կառավարութեան անդամակցութիւնը եւ կառավարութեան արտաքին աջակցութիւնը։ Փոքրամասնութեան կառավարութիւն մը կրնայ խորհրդարանին մէջ անհրաժեշտ ձայները ստանալ՝ առանց արաբական կուսակցութիւնները գործադիր իշխանութեան մաս դարձնելու։

Այս տարբերութիւնը կրնայ քաղաքական ելքի մը դուռ բանալ, բայց չի վերացներ հիմնական հակասութիւնը։ «Փոփոխութեան ճամբար»ը պէտք է բացատրէ իր ընտրազանգուածին, թէ ինչու իշխանափոխութեան համար անհրաժեշտ կը նկատէ արաբական ձայներուն ապաւինիլ։ Միւս կողմէ, արաբական կուսակցութիւններն ալ պէտք է որոշեն, թէ ինչ պայմաններով պատրաստ են աջակցելու կառավարութեան մը, որուն քաղաքական ուղղութիւնը կրնայ չհամապատասխանել իրենց ընտրողներուն ակնկալիքներուն։

Ուրեմն, արաբական 19 աթոռները «Փոփոխութեան ճամբար»ին համար հնարաւորութիւն են, բայց ոչ պատրաստի կառավարութիւն։ Թիւերը դուռը կը բանան, սակայն այդ դռնէն ներս անցնելու համար անհրաժեշտ են քաղաքական կամք, վստահութիւն եւ յստակ պայմանաւորուածութիւն։

Ո՞վ պիտի ղեկավարէ Իսրայէլը

Նախնական արդիւնքները չեն երաշխաւորեր ո՛չ Նաթանիահուի իշխանութեան շարունակութիւնը, ո՛չ ալ ընդդիմութեան կողմէ այլընտրանքային կառավարութեան մը կազմութիւնը։ Հնարաւոր են փոքրամասնութեան կառավարութիւն, ազգային միասնութեան կառավարութեան շուրջ բանակցութիւններ կամ նոր ընտրութիւններ։

Սակայն արդիւնքներուն մէկ հետեւանքն արդէն տեսանելի է. այլեւս կարելի չէ իշխանութեան հարցը լուծել միայն հրեայ քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւններ փնտռելով՝ առանց նկատի առնելու արաբական ներկայացուցչութեան կշիռը։

Արաբ պատգամաւորներուն թիւի աճը կրնայ ընդլայնել նաեւ անոնց ազդեցութիւնը Քնեսեթի յանձնաժողովներուն եւ օրինաստեղծ աշխատանքին մէջ։ Անոնց դերակատարութիւնը պարտադիր չէ սահմանափակուի միայն կառավարութեան կազմութեան շուրջ բանակցութիւններով։ Անոնք կրնան ազդել խորհրդարանական վերահսկողութեան եւ օրէնսդրական գործընթացներուն վրայ։

Բայց հնարաւորութիւնը պէտք չէ շփոթել իրականութեան հետ։ Աթոռներու բազմացումը ինքնաբերաբար չի նշանակեր քաղաքական հաւասարութիւն եւ չերաշխաւորեր, որ արաբ քաղաքացիները գործադիր իշխանութեան մէջ պիտի ունենան համարժէք ազդեցութիւն։

Միւս հաւանականութիւնը Պենեթի եւ Այզընքոթի մասնակցութեամբ ազգային միասնութեան կառավարութեան մը կազմութիւնն է՝ Նաթանիահուի հետ։ Այս պարագային ընդդիմութեան կառուցուածքը եւ արաբ պատգամաւորներուն դերակատարութիւնը կրնան փոխուիլ։ Սակայն այսպիսի տարբերակներ տակաւին ենթադրական են եւ կախեալ՝ վերջնական արդիւնքներէն ու քաղաքական բանակցութիւններէն։

Նաթանիահուի չաւարտած յաղթանակը եւ արաբական ձայնին վճռորոշ դերը

Նաթանիահու չէ պարտուած, բայց յստակ յաղթանակ մը չէ տարած, որ կարենայ վստահութեամբ շարունակել իր իշխանութիւնը։ Ան պահպանած է իր քաղաքական կորիզը, սակայն անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը ապահովելու համար կը կարօտի նոր համաձայնութիւններու։

Արաբական ցանկերն ալ արձանագրած են կարեւոր յաջողութիւն մը, որուն իրական արժէքը պիտի որոշուի յառաջիկայ քաղաքական զարգացումներով։ Եթէ անոնք կարենան իրենց խորհրդարանական կշիռը վերածել քաղաքական եւ հաստատութենական ազդեցութեան, ապա ընտրական արդիւնքը պիտի ունենայ աւելի խոր նշանակութիւն, քան աթոռներու պարզ աճը։

Հիմնական հարցը կը մնայ նոյնը. Իսրայէլի քաղաքական ուժերը պատրա՞ստ են ընդունելու, որ արաբ քաղաքացիներուն ձայները միայն ընտրութիւններուն օրը պէտք չեն, այլ կրնան վճռորոշ ըլլալ նաեւ իշխանութեան կազմութեան եւ երկրի ապագային վերաբերող որոշումներուն մէջ։

Պատասխանը պիտի տրուի ոչ թէ քարոզարշաւի յայտարարութիւններով, այլ քաղաքական որոշումներով։ Այդ որոշումները պիտի բացայայտեն, թէ արաբական ներկայացուցչութեան յաջողութիւնը պիտի վերածուի իրական ազդեցութեան, թէ՞ դարձեալ պիտի մնայ խորհրդարանական թիւերու սահմաններուն մէջ։

Այս ընտրութիւնները, ի վերջոյ, կը բացայայտեն, որ Նաթանիահուի դէմ պայքարը միայն անձի մը իշխանութեան շուրջ պայքար չէ։ Ան նաեւ փորձաքար մըն է Իսրայէլի քաղաքական համակարգին համար՝ պարզելու, թէ որքանո՞վ ան պատրաստ է ընդունելու իր իսկ քաղաքացիներուն քաղաքական ձայնը…։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...