Գանատայի Հայոց Թեմը կը սգայ իր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ ծառայութիւն մատուցած Պետրոս Ալահայտոյեանի կորուստը։
Այդ մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած մահագրութիւնը՝
Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Թեմի Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխան եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ նախկին հոգաբարձութեան անդամ Պետրոս Ալահայտոյեանի անժամանակ մահը, որ պատահեցաւ 16 Նոյեմբեր 2026-ին։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։