Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին գլխաւոր դատախազ Պորիս Նազարեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է՝ Քրէական օրէնսգիրքի 446-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (պաշտօնէական անփութութիւն)։ Այս մասին կը յայտնէ Քննչական կոմիտէն։
Կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն՝ հետապնդումը կը վերաբերի 1998 թուականի Դեկտեմբեր 10-ին Երեւանի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահրամ Խորխոռունիի սպանութեան գործին։
«Քննութեամբ ձեռք բերուած տուեալներուն համաձայն՝ Պորիս Նազարեան պատշաճ հսկողութիւն չէ իրականացուցած սպանութեան գործով նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ եւ անհրաժեշտ քննչական ու դատավարական գործողութիւններ կատարելու վերաբերեալ ցուցումներ չէ տուած։ Որպէս արդիւնք, քննիչը 2000 թուականի Մարտ 25-ին արդարացուցիչ հիմքով դադրեցուցած է Ս.Ա.-ի նկատմամբ քրէական հետապնդումը՝ հակառակ անոր, որ առկայ եղած են սպանութեան անոր առնչութիւնը հաստատող շարք մը ապացոյցներ։ Հետագային՝ 2025 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին, Ս.Ա.-ի վերաբերեալ քրէական վարոյթը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատարան», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Բացի այդ, ըստ Քննչական կոմիտէին, հակառակ Հ.Ն.-ի մասնակցութեան վերաբերեալ բաւարար տուեալներու առկայութեան՝ ժամանակին որոշում չէ կայացուած զայն որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու մասին։
Անոր նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է միայն 2025 թուականի Յուլիս 31-ին։ Որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը, եւ անոր նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում։
Քննչական կոմիտէն կը նշէ, որ Պորիս Նազարեանի անփոյթ եւ անբարեխիղճ վերաբերմունքին հետեւանքով էական վնաս հասցուած է պետութեան օրինական շահերուն։
Քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
Պորիս Նազարեան Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազի պաշտօնը վարած է 1999-2001 թուականներուն։