Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կից Աթոմային ուժանիւթի անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։
Մինչ օրակարգային հարցերու քննարկումը, վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով, ողջունած խորհուրդի անդամները, նշած, որ նման ձեւաչափով նիստ վաղուց տեղի չէր ունեցած, եւ շնորհակալութիւն յայտնած այս ընթացքին ցուցաբերուած աջակցութեան եւ պատրաստակամութեան համար։
«Բանալով Աթոմային ուժանիւթի անվտանգութեան խորհուրդի նիստը՝ կ՚ուզեմ կարեւորել այս ձեւաչափով աշխատանքը, որովհետեւ ան ուղղուած է հայկական աթոմակայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման եւ յուսալի ու անվտանգ շահագործման ապահովման ուղղութեամբ մեր ընելիքներուն։ Մեր միջազգային գործընկերները բաւական երկար ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան կ՚ուղեկցին այս կարեւոր առաքելութեան մէջ, եւ մենք շատ բարձր կը գնահատենք անոնց աջակցութիւնը։
Ինչպէս տեղեակ էք, Հայաստանի աթոմային ելեկտրակայանի երկրորդ ուժաբլոկի շահագործման նախագծային ժամկէտը լրացած է 2016-ին, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշմամբ՝ երկարաձգուած է 10 տարիով։ Այս ուղղութեամբ, նախապէս ծրագրուած ցանկին համաձայն, իրականացուած են բազմաթիւ տեխնիկական միջոցառումներ, որոնք ամբողջութեամբ կատարուած են։
Հայկական աթոմակայանը առանձնայատուկ դեր ունի Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան անընդհատ մատակարարման ապահովման գործին մէջ՝ նպաստելով մեր երկրի ուժանիւթային անվտանգութեան։ Այս հանգամանքով պայմանաւորուած եւ աթոմակայաններու շահագործման ժամկէտներու երկարաձգման միջազգային փորձին հիման վրայ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է հայկական աթոմային ելեկտրակայանի երկրորդ ուժաբլոկի շահագործման ժամկէտը երկրորդ անգամ երկարաձգել՝ 2026-էն մինչեւ 2036, իրականացնելով պահանջուած շարք մը տեխնիկական միջոցառումներ։ Այդ նպատակով կառավարութիւնը, 2023 թուականի թիւ 395 Ա եւ թիւ 1597 Ա որոշումներուն հիման վրայ, Հայաստանի պետական պիւտճէէն յատկացուցած է 160 միլիոն ամերիկեան տոլարին համարժէք դրամ։ Աշխատանքներուն շուրջ 60 տոկոսն արդէն կատարուած է, իսկ մնացեալը ընթացքի մէջ է։
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նոր միջուկային ուժաբլոկ ունենալու հարցը խիստ այժմէական է եւ օրակարգային՝ գործող ուժաբլոկի շահագործումէն դուրս բերուելէն ետք զայն փոխարինելու համար։ Սա միակ ճանապարհն է, որուն միջոցով ապագային պիտի կարենանք ապահովել մեր երկրի ուժանիւթային անվտանգութիւնը։ Նոր միջուկային ուժաբլոկի ընտրութեան ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, եւ յոյս ունինք, որ 2027-ին այդ հարցին շուրջ որոշակիութիւն պիտի ունենանք», նշած է վարչապետ Փաշինեան։
Ապա ելոյթ ունեցած է խորհուրդի նախագահ Միրոսլաւ Լիպարը։ Ան ընդգծած է Հայաստանի վարչապետին մասնակցութիւնը նիստի աշխատանքներուն՝ զայն նկատելով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ աթոմային ուժանիւթի եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ յանձնառութեան կարեւոր արտայայտութիւն։ Խորհուրդի նախագահին համաձայն՝ այս հանդիպումը արժէքաւոր առիթ է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, միջուկային անվտանգութեան ոլորտի, աթոմային անվտանգութեան մարմիններու եւ անկախ միջազգային փորձագէտներու միջեւ կարծիքներու եւ տեսակէտներու ուղղակի ու թափանցիկ փոխանակման համար։
Միրոսլաւ Լիպար ընդգծած է, որ խորհուրդի բոլոր անդամները մշտապէս հաստատած են այս աշխատանքը շարունակելու իրենց պատրաստակամութիւնը, ինչ որ անգամ մը եւս կը վկայէ Հայաստանի աթոմակայանի անվտանգ գործունէութեան ապահովման ընդհանուր յանձնառութեան մասին։
«Մենք եւս պատրաստ ենք Հայաստանին այս ճանապարհին հնարաւոր լաւագոյն աջակցութիւնը ցուցաբերելու։ Պարզապէս պէտք է ըսեմ՝ մենք կը սիրենք Հայաստանը, կը սիրենք հայ ժողովուրդը։ Այսօրուան հանդիպումը կը նկատեմ մեր յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջի բացումը, ներառեալ՝ անվտանգութեան խորհուրդին հետ։ Անվտանգութեան խորհուրդը համագործակցութեան երկար պատմութիւն ունի եւ համապատասխան կարողութիւններ», նշած է ան։
Խորհուրդի նախագահը յայտնած է, որ իրենց առաքելութիւնը նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջուկային ուժանիւթի եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ բարձր մակարդակի խորհրդատուութիւն տրամադրելն է։
«Այսօրուան առաքելութիւնը, նախ եւ առաջ, աւելի արդիական եւ կարեւոր կը դառնայ, մասնաւորաբար խորհուրդի աշխատանքներուն յաջորդ փուլերուն, որովհետեւ Հայաստանը կը կանգնի հիմնարար որոշում մը կայացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ՝ իր աթոմային ուժանիւթի ծրագիրին առնչութեամբ։ Այսինքն՝ առաջին հերթին պէտք է ապահովել գործող աթոմակայանի անվտանգ գործունէութիւնը, ներառեալ՝ շարունակել երկարաժամկէտ շահագործման ծրագիրներով նախատեսուած անվտանգութեան միջոցառումներու իրականացումը։ Միւս կողմէ, Հայաստանը կը պատրաստուի կարեւոր որոշում մը կայացնելու նոր աթոմակայանի առնչութեամբ։ Այս որոշումները վստահաբար պիտի ձեւաւորեն երկրին ուժանիւթային ապագան յառաջիկայ տասնամեակներուն։ Նման որոշում մը կը պահանջէ ոչ միայն քաղաքական պատասխանատուութիւն եւ տնտեսական վերլուծութիւն, այլեւ բոլոր համապատասխան թեքնիք ու միջուկային անվտանգութեան հայեցակարգերու համակարգային գնահատում», ըսած է ան։
Շարունակելով՝ Միրոսլաւ Լիպար ընդգծած է, որ իրենց նպատակը աւելի ընդարձակ ռազմավարական հեռանկար մը ձեւաւորելն է՝ հաշուի առնելով միջազգային փորձը, հաւանական վտանգներու գնահատումը, ինչպէս նաեւ անկախ փորձագիտական կարողութիւններու զարգացումն ու աջակցութիւնը։
«Այս տեսանկիւնէն՝ կ՚առաջարկեմ, որ խորհուրդը յառաջիկայ ժամանակաշրջանին ուշադրութիւն դարձնէ չորս հիմնական առաջնահերթ ուղղութիւններու։
Առաջին ուղղութիւնը, անշուշտ, աթոմակայանի անվտանգ երկարաժամկէտ գործունէութիւնն է՝ համապատասխան անվտանգութեան միջոցառումներու իրականացմամբ։ Խօսքս մասնաւորաբար կը վերաբերի այն հանգամանքին, որ որոշ բաղադրիչներ կրնան մաշիլ, եւ այդ մաշուածութեան պարագային անվտանգութեան չափանիշներու կիրարկումը պէտք է խստացուի։
Երկրորդը նոր միջուկային անվտանգութեան ծրագիրի նախաձեռնութիւնն է եւ արհեստագիտութիւններու ներգրաւումը ռազմավարական որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ։ Այս բոլորը պէտք է հիմնուին անվտանգութեան, արհեստագիտական հասունութեան եւ տնտեսական կենսունակութեան գնահատման վրայ։ Խօսքս կը վերաբերի նաեւ ծրագիրի իրականացման ընթացքին առկայ վտանգներու գնահատման, անվտանգութեան ապահովման եւ երկարաժամկէտ կայունութեան։
Երրորդը՝ աթոմային ենթակառուցուածքը, փորձագիտական կարողութիւնները, մարդկային ներուժը եւ փորձառութիւնը։ Այս բոլորը կը վկայեն, որ յառաջադէմ արհեստագիտութիւնները առանձին կամ ինքնուրոյն կերպով չեն կրնար երաշխաւորել աթոմային անվտանգութիւնը։ Որակեալ ենթակառուցուածքը, վերահսկողութեան համակարգը, մշտադիտարկումը, բանիմաց մասնագէտները, անխոնջ կառավարման գործընթացը, ինչպէս նաեւ շարունակական կրթութիւնն ու վերապատրաստումը անհրաժեշտ են աթոմակայաններու անվտանգ գործունէութեան համար։
Ի վերջոյ, գիտեմ, որ միջազգային համագործակցութեան ոլորտին մէջ դուք բաւական աշխոյժ էք, սակայն մենք կրնանք աջակցիլ նաեւ անոր ընդլայնման։ Հայաստանը պէտք է շարունակէ արդիւնաւէտ կերպով օգտագործել իր փորձը, մասնաւորաբար միջուկային ծրագիրներու շրջանակին մէջ ձեռք բերուածը, օգտուելով նաեւ ՄԱԳԱՏԷ-ի փորձէն եւ կարողութիւններէն, Եւրոպական յանձնաժողովէն, «Ռոսաթոմ»-էն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի ուժանիւթի նախարարութեան փորձէն։ Խորհուրդը կրնայ աջակցիլ այս համագործակցութեան ընդլայնման՝ միջազգային փորձը ռազմավարական որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ ներգրաւելով», նշած է Միրոսլաւ Լիպար։
Անոր համաձայն՝ խորհուրդի աշխատանքները պէտք չէ սահմանափակուին ընդհանուր քննարկումներով, այլ պէտք է յանգին յստակ եզրակացութիւններու եւ առաջարկներու, որոնք պիտի նպաստեն յետագայ գործողութիւններու արդիւնաւէտութեան։ Ան աւելցուցած է, որ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է բաց եւ կառուցողական համագործակցութիւն բոլոր ներգրաւուած կառոյցներուն միջեւ։
Ամփոփելով իր ելոյթը՝ խորհուրդի նախագահը շեշտած է.
«Վարչապետին ներկայութիւնը այսօրուան հանդիպման շատ կարեւոր ուղերձ է բոլորին՝ ընդգծելով, որ միջուկային անվտանգութիւնը ոչ միայն ոլորտին կամ վերահսկող մարմնին պատասխանատուութիւնն է, այլեւ ազգային ռազմավարական նշանակութեան հիմնաքար, որ կը պահանջէ շարունակական ուշադրութիւն եւ յանձնառութիւն՝ ամենաբարձր մակարդակով։ Հետեւաբար, ակնկալուող արդիւնքներն ու մեր համագործակցութիւնը պէտք է համադրուած ըլլան։ Յոյս ունիմ, որ այսօրուան քննարկումը պիտի օգնէ մեզի գնահատելու Հայաստանի աթոմային ուժանիւթի ոլորտին դիմագրաւած կարեւորագոյն մարտահրաւէրները։ Պէտք է կարենանք սահմանել խորհուրդի հետագայ աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնները։
Յարգարժան վարչապետ, յոյս ունիմ, որ այսօրուան հանդիպումը կը նշանաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, Աթոմային ուժանիւթի խորհուրդին եւ անվտանգութեան խորհուրդին միջեւ երկարաժամկէտ ու արդիւնաւէտ համագործակցութեան սկիզբը։ Վստահ եմ, որ փորձագիտական ներուժն ու միջազգային փորձը համադրելով՝ պիտի կարենանք բովանդակալից նպաստ բերել Հայաստանի Հանրապետութեան աթոմային ուժանիւթի ոլորտին անվտանգ ապագային»։
Խորհուրդի նիստին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ միջուկային ուժանիւթի ոլորտի մասնագէտներ՝ Ռուսիայէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Չեխիայէն եւ Ֆինլանտայէն։
Հանդիպման քննարկուած են Հայկական աթոմային ելեկտրակայանի գործող ուժաբլոկի անվտանգ շահագործման ապահովման եւ շահագործման ժամկէտի երկարաձգման աշխատանքներուն, անվտանգութեան մակարդակի ու յուսալիութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նոր միջուկային ուժաբլոկի կառուցման հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր։
Ընդգծուած է, որ այս հարցերուն արդիականութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ նոր աթոմային ուժաբլոկի կառուցման տարբերակներու ուսումնասիրութեամբ եւ միջուկային անվտանգութեան ոլորտին մէջ միջազգային չափանիշներու ու լաւագոյն փորձի կիրառման անհրաժեշտութեամբ։ Քննարկումներու ընթացքին ներկայացուած են տարբեր առաջարկներ եւ դիտարկումներ։
Մինչ նիստը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Աթոմային ուժանիւթային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Միրոսլաւ Լիպարի հետ։