image

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Պոլսոյ մէջ. եղբայրական հանդիպում՝ եկեղեցիներու պետերուն միջեւ

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Պոլսոյ մէջ. եղբայրական հանդիպում՝ եկեղեցիներու պետերուն միջեւ

Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը Պոլիս իր այցելութեան ընթացքին ընդունուեցաւ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին կողմէ։ Այցելութիւնը նշանաւորուեցաւ հոգեւոր ջերմ մթնոլորտով եւ միջեկեղեցական եղբայրական հանդիպումներով։ Պէյօղլուի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր եւ տարբեր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ընդգծելով եկեղեցական հաղորդակցութեան, միութեան եւ փոխադարձ յարգանքի կարեւորութիւնը։

Ստորեւ այդ այցին մասին Պատրիարքարանին կողմէ հրապարակուած  հաղորդագրութիւնը՝

Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Գերերջանիկ եւ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը 24 Նոյեմբեր 2026, Երեքշաբթի, Պէյօղլուի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց:

Կաթողիկէ Հայոց Հոգեւոր Պետը, որ դէպի Մարտին եւ Տիյարպաքըր տուած այցելութիւններէ յետոյ հասած էր Ստանպուլ, փոխանցելու համար իր օրհնութիւնները։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքական Կառավարիչ Հ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառը ողջունեց Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։

Արարողութեան մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Աթոռոյս միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, ինչպէս նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչ Տ. Աթենակորաս Եպս., Լատին Եկեղեցւոյ Ստանպուլի Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպս.ը, Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քհնյ. Չանլըն, Քաղդէացւոց Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան Քորեպս.ը, Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, քոյր եկեղեցիներէ եւ յարանուանութիւններէ ներկայացուցիչներ։

Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր՝ միաժամանակ իր շնորհակալութիւնը յայտնելով Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կրօնական արարողութեանց կազմակերպման եւ ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Իր քարոզին մէջ Ամենապատիւ Տէրը անդրադարձաւ այցելութեան հոգեւոր եւ խորհրդանշական նշանակութեան՝ ընդգծելով, որ այս շաբաթավերջն ու յաջորդող օրերը իր համար վերածուած էին իսկական ուխտագնացութեան։ Ան յայտնեց, թէ մեծ յուզումով եւ երախտագիտութեան զգացումով վերադարձած էր իր պապենական քաղաքը, ուր առիթը ունեցած էր Ս. Պատարագ մատուցելու, աղօթելու եւ վերանորոգելու իր ուխտը՝ իր հոգեւոր արմատներուն եւ նախնիներու յիշատակին առջեւ։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեւորականներ այցելեցին Երանելի Տ. Կոմիտաս Քհնյ.ի շիրիմը, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով հանգուցեալի յիշատակին։

Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին հոգեւոր պետերն ու հիւրերը առիթը ունեցան մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցելու։ Հանդիպումը եզրափակուեցաւ բարեմաղթութիւններով՝ շեշտելով եկեղեցական միութեան, եղբայրասիրութեան եւ հոգեւոր համերաշխութեան կարեւորութիւնը։