image

Պայտըն մեկնաբանած է Հանիյէի սպանութիւնը

Պայտըն մեկնաբանած է Հանիյէի սպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ պաղեստինեան «Համաս» արմատական խմբաւորման քաղաքական թեւի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է յուլիս 31-ին Թեհրանի մէջ, «օգտակար չէ» Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի վարած պատերազմին՝ հրադադարի հասնելու տեսանկիւնէ: Այս մասին գրած է Reuters-ը:

«Սա չօգներ հրադադարին», -ըսած է Պայտըն լրագրողներուն՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Հանիյէի սպանութիւնը տապալած է Կազայի մէջ հրադադարի համաձայնութեան վերաբերեալ հնարաւորութիւնը։

Պայտըն ըսած է, որ հինգշաբթի Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ զրոյցի ընթացքին յորդորած է անոր արագ համաձայնութեան գալ պատանդներու ազատ արձակման եւ Կազայի մէջ հրադադարի շուրջ։

Ան աւելցուցած է, որ «շատ մտահոգուած է» Մերձաւոր Արեւելքի մէջ աճող լարուածութեամբ։

Իսրայէլ կը մեղադրուի Հանիյէի սպանութեան համար, բայց երկիրը ո՛չ հաստատած, ո՛չ հերքած է իր պատասխանատւութիւնը: