image

Պայքար եւ աշխատանք. Յակոբ Հաւաթեան

 Պայքար եւ աշխատանք. Յակոբ Հաւաթեան

Գրառման այս նեղ սահմանները ընդլայնելու կարիքը կայ անտարակոյս, սակայն եզրայանգումը յստակ է, որ ազգովին կը գտնուինք պատմութեան անիւը ուղղորդելու հրամայայանին դիմաց: 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆԻՒԸ ՃԻՇԴ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՏԵՂԱՒՈՐԵԼԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱԶԳԱՎՆԱՍ ԹՄԲԻՐԷ, ԵՍԱԿԵԴՐՈՆ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԷ ԵՒ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՅՈՒՍԱԼՔՈՒԹԵՆԷ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒՄ ՈՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺԻ ՄԷԿՏԵՂԵՄՈՎ ՆՈՐ ՈՒ ԲԱԶՄԱՃԱԿԱՏ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿ:

Այսօր եւ ո՛չ վաղը անհրաժեշտ է՝ բովանդակ հայութեան քաղաքական, զինուորական, դիւանագիտական, գիտական, արհեստագիտական եւ մտաւոր ու մշակութային ներուժի մէկտեղում, համակարգուած ու հետեւողական ՊԱՅՔԱՐ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ:

 Լիբանանահայ ազգային գործիչ Յակոբ Հաւաթեան կը գրէ՝ 

Յարգելի բարեկամներ,

Կրնանք անվարան հաստատել, որ հայ կեանքը վերջին երկու տարիներուն հարենիքի եւ սփիւռքի մէջ կ՛ապրի աննախընթաց ճգնաժամ: 

Դժբախտաբար սակայն, ազգովին չենք ընկալած Արցախի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով մեր ունեցած անսահման կորուստներու եւ մեր նահանջի արագ ընթացքի աննախադէպ հետեւանքները ու իբրեւ ազգ ապրելու եւ գոյատեւելու անհրաժեշտ գործօններու չէզոքացումը: 

Պարագան այլապէս մտահոգիչ է սփւռքեան համայնքներու պարագային, որոնք կը դիմագրաւեն նօսրացման, այլասերումի եւ հաւաքական ներուժի ջլատման, ինչպէս նաեւ կառոյցներու գործունէութեան ոչ արդիւնաւէտ ընթացք եւ տեղատուութիւնը խորացնող կացութիւն: Իրերու այս կացութեան մէջ սփիւռքը կարծես սկսած է ցոյց տալ յոգնածութեան նշաններ եւ համակերպումի ճամբան ընտրողներու թիւը օրէ օր ստուար կը դառնայ: Սփիւռքեան մեծ ովկիանոսին մէջ, հոս ու հոն քանի մը կղզիներու վրայ ի գործ դրուած պարագայական ճիգերը ոչ մէկ ձեւով ի վիճակի են շրջադարձային կացութիւն ստեղծելու:

Մթագնած այս պատկերը փոխանցելը ինքնանպատակ չէ, ոչ ալ յոռետեսական մօտեցում, այլ պարզապէս իրապաշտ մտածելակերպի անհրաժեշտ շեշտադրում:

Գրառման այս նեղ սահմանները ընդլայնելու կարիքը կայ անտարակոյս, սակայն եզրայանգումը յստակ է, որ ազգովին կը գտնուինք պատմութեան անիւը ուղղորդելու հրամայայանին դիմաց: 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆԻՒԸ ՃԻՇԴ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՏԵՂԱՒՈՐԵԼԸ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱԶԳԱՎՆԱՍ ԹՄԲԻՐԷ, ԵՍԱԿԵԴՐՈՆ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԷ ԵՒ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՅՈՒՍԱԼՔՈՒԹԵՆԷ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒՄ ՈՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺԻ ՄԷԿՏԵՂԵՄՈՎ ՆՈՐ ՈՒ ԲԱԶՄԱՃԱԿԱՏ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿ:

Այսօր եւ ո՛չ վաղը անհրաժեշտ է՝ բովանդակ հայութեան քաղաքական, զինուորական, դիւանագիտական, գիտական, արհեստագիտական եւ մտաւոր ու մշակութային ներուժի մէկտեղում, համակարգուած ու հետեւողական ՊԱՅՔԱՐ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ: 

Վերջապէս մեր ուժերը ջլատող, մեր պարտութիւնները ամրագրող, մեր հայրենիքն ու պետականութիւնը վտանգող, յանձնուողական մտածելակերպը նուիրականացնող բոլոր գործօններու մեր կեանքէն արագ վերացումը կը դառնայ հիմնական եւ անփոխարինելի բանալին ՎԵՐԱԶԱՐԹՕՆՔԻ ԵՒ ՅԱՐԱՏԵՒ ՆՈՐ ՊԱՅՔԱՐԻ:

Ժամանակակորուստ ու մաշեցնող մեզի պարտադրուած կացութիւնը մէկդի դրած անցնինք ԻՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻ, եւ այլեւս դադրինք բաժակաճառով ուժեղ եւ հզօր հայրենիք, հայութիւն ու պետականութիւն երազելէ: