Տհաճ միջադէպի թիրախ դարձած Կարօ Գաբրիէլեանի վիճակը աստիճանաբար կը բարելաւուի։
Մեր հայրենակիցը, որ օրեր առաջ յարձակման մը ենթարկուած էր պիտի շարունակէ մնալ իր բնակարանին մէջ եւ այս առումով ալ ընդունիլ զօրակցական այցելութիւններ։
Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» մանրամասն պատմած էր Պոլսոյ հայաշատ Գնալը կղզիին մէջ տեղի ունեցած տհաճ միջադէպին մասին, երբ Գաբրիէլեան թաղային խնդիր մը բարձրաձայնալով յարձակումի թիրախ դարձած էր նոյն թաղի նպարատան սեփականատիրոջ կողմէ։
Նշենք, որ երէկ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Զօրակցական այց մը տուած էր Գաբրիէլեան ընտանիքի բնակարան եւ լիարժէք աջակցութիւն յայտնած բոլոր ընտանիքի պարագաներուն։
Ստորեւ այդ մասին Պատրիարքութեան դիմատետրի էջով ներկայացուած հակիրճ տեղեկութիւնը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Օգոստոս 2024, Ուրբաթ, այցելեց կղզեբնակ Կարօ Գաբրիէլեանը, որ նախորդ օր իր տան առջեւ յարձակման ենթարկուելով վիրաւորուած էր։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ուղեկցէր Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան:
Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ նման արարք մը ցաւ պատճառած էր բոլոր լսողներուն մօտ։ Ինք եւս կը ցաւակցէր եւ փափաքած էր անձամբ այցելել Գաբրիէլեանը իր բնակարանին մէջ։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին Գաբրիէլեան ընտանիքի անդամները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին յուզիչ դէպքին մասին։ Կարօ Գաբրիէլեան վիրաւորուած է քիթէն ու ձեռքէն։ Ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է դէպքի առնչութեամբ։ Անոնք ըսին, որ տեղական ու համայնքային զանազան շրջանակներ կը պախարակեն դէպքը, բան մը որ մխիթարական երեւոյթ էր իրենց համար։
Պատրիարք Հայրը այցելութեան աւարտին արագ ապաքինում մաղթեց Կարօ Գաբրիէլեանին, բժշկութեան աղօթք արտասանեց եւ յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռն ալ կը զօրակցի Գաբրիէլեան ընտանիքին։